Ըստ Եգիպտական Օրաթերթի Մը. Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնն Ու Իսլամ Եղբայրները Կը Ծրագրեն Եգիպտոսի Մէջ Քաոս Ստեղծել

Եգիպտական «Եոմ Սապեհ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը, Իսլամ եղբայրներու միջազգային կազմակերպութեան հետ համակարգաբար, նպատակ ունի Եգիպտոսի մէջ քաոս ստեղծել եւ ներկայ վարչակարգը տապալել։

Օրաթերթը կը նշէ, որ ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի սկսի նոյեմբերին նախատեսուած մեծ հաւաքով, եւ այդ մէկը սկիզբը պիտի ըլլայ եգիպտական հաստատութեանց եւ կառավարական մարմիններու դէմ հանգրուանային մագլցողական քայլերուն, որոնք ի վերջոյ պիտի հասնին քաղաքացիական անհնազանդութեան։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )