«Ազդակ»՝ Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պուրճ Համուտի Ժողովրդային Տան Կառուցումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ժողովրդային տունը 1960-ին

Ժողովրդային տունը 1960-ին

Պուրճ Համուտի պատմութեան տարեգրութեան մէջ իր կարեւոր տեղն ու դերը ունեցաւ Ժողովրդային տան հիմնադրութիւնը՝ Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ, հայաքաղաքի սրտին վրայ։ Հոն տեղաւորուեցան ակումբ, գրադարան, Օգնութեան խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու գրասենեակներ։ Հայաշունչ այս յարկին տակ իրերայաջորդ սերունդներ հայրենանուէր ու ազգանուէր գաղափարական սնունդ եւ դաստիարակութիւն ստացան։

Լիբանանեան պատերազմի երկարատեւ տարիներուն, հայահոծ թաղերու պաշտպանութեան օրերուն, Ժողովրդային տունը՝ իր Սարդարապատ ակումբով, կեդրոնական զինուժի վերածուեցաւ եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցաւ թաղամասերը պահպանելու նուիրումին մէջ։ Տուն-տեղ, ընտանիք ու հանգիստ ձգած, ակումբը իրենց բնակարանին վերածած, տարիներ շարունակ բոլորանուէր ծառայութեամբ, նուիրումով ու անձնազոհութեամբ, հոն գործեցին աննման տղաք, քաջարի երիտասարդներ, որոնցմէ շատեր նահատակութեան փառքին արժանացան։

***

Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տունը կառուցուեցաւ 1959-1960 տարիներուն։ «Ազդակ» օրին, 8 յունիս, 11 եւ 12 սեպտեմբեր եւ 10 դեկտեմբեր 1959-ի եւ 20 փետրուար 1960-ի թիւերով, լրատուութիւններով ու խմբագրականներով անդրադարձած է Ժողովրդային տան հիմնարկէքին, կառուցման աշխատանքներուն եւ բացումին։

Կիրակի, 31 մայիս 1959, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, կոկիկ եւ ընտրանի հասարակութեան մը ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը Պուրճ Համուտի «Ժողովրդային տուն»-ին, կնքահայրութեամբ՝ շրջանին սիրուած ու անխոնջ քաղաքապետ գերյարգելի հայր Պօղոս Արիսի։

Ներկայ էին, մասնաւորաբար, շրջանի գաւառապետ Նեպիհ Պուսթանի, պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, ոստիկանութեան Պուրճ Համուտի հրամանատարը, Սիմոն Վրացեան, Կարօ Սասունի, Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւնները, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնական եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ճարտարապետ-երկրաչափ Գէորգ Էմմիեան եւ Վարուժան Զաւէն։

Յոգնախուռն բազմութիւնը շրջակայ բացօթեայ հողամասին վրայ, մօտակայ շէնքերու պատշգամներէն ու տանիքներէն, կը հետեւէր բարձրախօսով ձայնասփռուող խօսքերուն, խանդավառութեամբ։ Մասնաւորապէս վրանով ծածկուած պատուոյ սրահը անբաւարար էր ընդունելու բոլոր ներկաները։

Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան շինութեան Կեդրոնական յանձնախումբի անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք հրաւիրեալներուն, Անդրանիկ Ուրֆալեան խօսեցաւ աւուր պատշաճի ճառ մը, ընդգծելով.

– «Ինչպէս առհասարակ բոլորիդ բաշխուած նամակները կը յայտնեն, այսօր հաւաքուած ենք հոս հիմնարկէքը կատարելու շինութեան մը, որ Պուրճ Համուտի պատմութեան մէջ ունի անժխտելի դեր։ Ժամանակի ընթացքին կառուցեցինք ամէն թաղի մէջ մեր հոգիին ու մտքին պահանջներուն բաւարարութիւն տուող սեփական շէնքեր, որոնք կոչուեցան եկեղեցի ու ազգային վարժարան։ Ասոնց կողքին, մեր ընկերային կեանքին համար անհրաժեշտ եղող ակումբներ փորձեցինք ունենալ, եւ ամէն թաղի մէջ ունեցանք, բայց անոնք բոլորն ալ սեփական չէին ու չեն նաեւ ներկայիս։ Այսօր, տարիներէ ի վեր փայփայուած երազ մը պիտի իրականացման ճամբուն մէջ դնենք, զետեղելով հիմնաքարը մեր սեփական ակումբին, Ժողովրդային տունին, վստահելով ձեր բոլորին, ներկաներուն եւ բացականերուն անսակարկ օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ մեր հայկական միութեանց անվերապահ աջակցութեան։

Լիբանանեան այս գեղեցիկ երկնքին տակ ու այս երկրի ազատամիտ ու արդարակորով կառավարութեան ու մեր սիրելի նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապի հովանիին տակ՝ մենք պիտի կառուցանենք մեր Ժողովրդային տունը։ Ան պիտի ծառայէ ո՛չ միայն մեր համայնքին, այլ նաեւ ընդհանուր Լիբանանին, իր դարմանատունը, սրահները եւ սենեակները տրամադրելով բոլոր ազնիւ ու հայրենասէր հոգիով կազմակերպուած ձեռնարկներու։

Նիւթական ի՞նչ պատկեր կը պարզէ այս հաստատութիւնը։

Կը նախատեսենք 200 հազար լիբ. ոսկիի ծախս մը, որուն երկու դահեկանն իսկ չունէինք։ Այսօր սակայն ունինք մեր տրամադրութեան տակ գումար, ունինք վարկ, քանի որ դուք եւ հայութիւնը ամբողջ մեզի հետ էք, առանց դաւանական եւ գաղափարական խտրութեան։ Եւ մեր վարկը, իրաւունք տուած է մեզի՝ յանձնախումբիս, մեր մառանը լեցնելու անհրաժեշտ շինանիւթերով մեծագումար պարտքերու տակ իյնալով առ այժմ եւ աւելի մեծ պարտամուրհակներ ստորագրելու պատրաստակամութեամբ հետագային։

Անսահման խանդավառութեամբ, խոստանալով ձեզի ստեղծել հնարաւորութիւն՝ որպէսզի յառաջիկայ մայիս 28-ի հանդիսութիւնները կատարուին մեր սեփական Ժողովրվային տան մէջ, կը գոչենք.-

Կեցցէ՛ գեղեցիկ Լիբանանը եւ կեցցեն իր վարիչները։
Կեցցէ՛ Պուրճ Համուտը։
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը»։

Խօսք առաւ Կարօ Սասունի, որ, գնահատելով Օգնութեան խաչի այս գեղեցիկ ձեռնարկը, խոստացաւ կազմակերպութեան ամբողջական ու բոլորանուէր աջակցութիւնը ապահովել գործի յաջողութեան։

Ի վերջոյ բեմ հրաւիրուեցաւ հիմնարկէքի կնքահայր հայր Պօղոս Արիս, որ յուզիչ դրուագներով եւ օրինակներով համեմելով իր խօսքը, անխախտ իր համոզումը յայտնեց այս ծրագրի իրագործման մասին, քանի որ թէ՛ կազմակերպիչները եւ թէ՛ ժողովուրդը այսքան խանդավառ է եւ քանի որ իսկապէս ազգօգուտ ու աստուածանուէր գործ մըն է ըլլալիքը։ Բաղդատելով 30 տարիներ առաջ Պուրճ Համուտի պարզած պատկերը ներկայ կացութեան հետ, յայտարարեց իր անսահման հպարտութիւնը, որ կը պատկանի հայ ազգին, որ իբրեւ շինարար ու հաւատարիմ ժողովուրդ մը ճանչցուած է արդարեւ։ Յանձնարարեց բոլորին զօրավիգ կանգնիլ Օգնութեան խաչի այս օրհնաբեր նախաձեռնութեան, իր թանկագին օժանդակութիւնը խոստանալով չզլանալ որեւէ առիթով։

Հիմնարկէքի արարողութեան պահն է։ Առտուընէ ի վեր ոտքի վրայ, մայիս 28-ի տարեդարձին ու հիմնարկէքի արարողութեան կրկնակ առիթներով տողանցք կատարող ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու արենուշները, Օգնութեան խաչի արծուիկները, պատանիներ ու երիտասարդներ, անհուն խանդաղատանքով կը սպասեն այդ վայրկեանին, երբ իրենց ապագայ ընդհանրական տան հիմը պիտի հիմնուի ու դրուի։

Հայր Պօղոս Արիս, յուզիչ աղօթքով մը, «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն Սրբոյ, յանուն սիրոյ համերաշխութեան, յանուն հայ ժողովուրդին», զետեղեց հիմնաքարը, ի՛ր իսկ ձեռքերով հաստատելով զայն ամրօրէն։ Հիմնաքարին մէջ փորուած խոռոչի մը մէջ կը դրուի յիշատակի գրութիւն մը, յատկապէս պատրաստուած այդ առիթով։

Չեն դողդոջեր հայր Արիսի ձեռները, առոյգ ու երիտասարդի կորովով՝ քանի մը մեթր խորութեան մէջ։ Կը գուրգուրայ կարծէք հիմնաքարին ու շաղախին վրայ, շոյելով, շօշափելով զանոնք իր հոգիէն, ժայռի պէս հաստատուն իր կամքէն ու հոգիէն անոնց պատառ մը փոխանցել փորձելով կարծէք։ Կը զենուի Յակոբ Ճիջանեանին կողմէ նուիրուած խոյը։ Յանձնախումբի ատենապետ Լութֆիկ Պուլտուգեան կը փշրէ աւանդական շամփանէի շիշը, մինչ բոլոր ներկաները անսահման ուրախութեան տեսարան մը կը պարզեն։

«Կեցցէ»-ներու տարափին տակ, վեր կը բարձրանայ հայր Արիս, մերժելով իրեն երկարող բոլոր ձեռքերը։ Աւելի քան երբեք երիտասարդացած է, գեղեցիկ, շատ գեղեցիկ ծրագրի մը իրագործումը հանդիսացող Տան հիմնաքարը զետեղելով այդ պահուն։ Իր իսկ գիւտով, ապագայ մեր ակումբը նմանցուեցաւ այն նորածինին, որուն մայրը նախապէս գուրգուրանքով կը պատրաստէ անոր հագուստները եւ անհրաժեշտ լաթերը, ամենայետին մանրամասնութիւններն իսկ չմոռնալով։

Կը շնորհաւորեն զիրար, մեծ ու պզտիկ, մաղթելով յաջողութիւն։

Պատուոյ սեղանին վրայ կը բացուին շամփանէի շիշերը եւ կը հիւրասիրուին պաշտօնական հիւրերը։ Ժողովուրդին կը հրամցուի զովացուցիչ։

***

Երեք ամիս անցած էր այն թուականէն, երբ մայիս 28-ի առիթով հիմը դրուեցաւ այն մեծ շէնքին, որ կը կոչուի «Պուրճ Համուտի ժողովրդային տուն»։

Խոպան դաշտին վրայ կը բարձրանայ պեթոնէ զանգուածը՝ իր ամուր սիւներով։ Գործաւորները անխոնջ կ­­՛աշխատին, երկրաչափ Վարուժան Զաւէնի հսկողութեան տակ, ձեւ ու կերպարանք տալու համար երկաթին, քարին, աւազին ու կրաղիւսին, որոնք, շաղախուած, կը կերտեն օճախ մը՝ շրջանի 40 հազարէ աւելի հայութեան համար։ Ու այդ շաղախը՝ հայ ժողովուրդի քրտինքն է, հայուն շինելու կամքը. աւելի ճիշդ՝ հայուն շինելու բնազդը։

Շինութեան Կեդրոնական յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ զանազան օժանդակ յանձնախումբերու անդամները մոռցած՝ իրենց զբաղումը, հոս ու հոն կը վազէին, գործադրելու համար իրենց բաժին ինկած աշխատանքը։

Հանգանակեցին, շինանիւթ ապահովեցին, հսկեցին շինութիւններուն վրայ, ու տակաւին գլուխ հանեցին մանր-մունր տաղտկալից գործեր, որոնք անխուսափելի կերպով ի յայտ կու գան նման տարողութեամբ շինութեան մը ընթացքին։ Ու այս ձեւով կարելի եղաւ խուսափիլ գործաւորներէ, խնայելով շուրջ 10 հազար լ. ոսկիի գումար մը։

***

Հանրային եւ հաւաքական մտահոգութիւններով ապրող ոեւէ մարդու համար դժուար չէր գտնել գաղտնիքը ընդհանուր այն խանդավառութեան, զոր ստեղծած էր «Ժողովրդային տուն»-ի շինութեան նախաձեռնութիւնը, Պուրճ Համուտի մէջ։

Անհատական երդիքներուն չափ, ու աւելի՛, ազգային դաստիարակութեան տեսակէտով կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ժողովրդային հաւաքավայրերը,- «ակումբ» կամ «տուն», ուր մեր բազմութիւնները առիթ կ­­՛ունենան հաւաքաբար հաղորդ մնալու գաղափարական եւ մշակութային մեր կեանքին, ներշնչուելու եւ ներշնչելու՝ փոխադարձաբար։

Պատերազմի տարիներուն՝ ակումբին մէջ

Պատերազմի տարիներուն՝ ակումբին մէջ

Մասնաւորաբար երիտասարդ եւ պատանի սերունդներու համար՝ «Ժողովրդային տուն»-ը, Պուրճ Համուտի նման հայութեամբ հոծ շրջանի մը մէջ, կոչուած է ըլլալ գաղափարական դաստիարակութեան ամրոց մը, հայաշունչ յարկ մը, ուր անոնք կրնան շատ աւելի ծրագրուած ձեւով պատրաստուիլ՝ իբրեւ վաղուան մեր հանրային կեանքին տրամադրելի տարրեր, գիտակ իրենց պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութեանց։

Ձեռնարկուած հանգանակութեան հանդէպ լիբանանահայերու թէ հեռաւոր գաղութներու մէջ ապրող հաւատաւոր հայրենակիցներու գիտակից, զոհաբերող եւ խանդավառ վերաբերումը՝ փաստ մըն է, թէ մեր ժողովուրդին մէջ վառ է սէրն ու գուրգուրանքը՝ հանդէպ նորահաս մեր սերունդին, հանրանուէր կազմակերպութիւններու եւ միութեանց, ու վստահութիւնը՝ հանդէպ մեր ապագային։

Հանգանակութիւններու առիթով հրատարակուած ցանկերն ալ ցոյց կու տային, թէ համաժողովրդային խանդավառութիւն ստեղծուած էր նախաձեռնութեան շուրջ։ Տարբեր երեւոյթ չէր կրնար պարզուիլ «Ժողովրդային տան» մը շինութեան առթիւ, նկատելով որ հանրային անյետաձգելի պահանջ մըն էր այդ քայլը, եւ նախաձեռնողները մղուած էին համազգային բաղձանքի մը ընդառաջելու հրամայական ստիպողութենէն։

Ժողովրդային ընդհանուր այս շահագրգռութիւնը, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներու իշխանական նուիրատուութիւնները անարձագանգ չմնացին եւ «Ժողովրդային տուն»-ը շուտով դարձաւ շօշափելի մէկ արտայայտութիւնը հայ ժողովուրդի ապրելու, գործելու եւ գոյատեւելու կամքին։

Ինչքա՜ն յուսադրիչ եւ սրտապնդիչ էր տեսնել, որ նոյնիսկ հեռաւոր գաղութներու մէջ ապրող գիտակից հայորդիներ, փրկարար այլ մեծածախս այս նախաձեռնութեան հանդէպ՝ համապատասխան իշխանավայել նուիրատուութիւններով կը փութան յաւերժացնել իրենց, կամ իրենց սիրելիներու անունները։

Ամերիկաբնակ հայրենանուէր ազգայինի մը՝ Յաբէթ Թովմասեանի 10,000 տոլարի նուէրը՝ ի նպաստ «Ժողովրային տան» շինութեան գործին, հնարաւորութիւն ընծայեց իր զաւկին՝ Ռշտունիի անունով սրահի մը կառուցման։ Ի՜նչ աւելի ժողովրդանուէր շարժուձեւ՝ քան այս կարգի քայլերով յաւերժացնել յիշատակը մեր զաւակներուն եւ սիրելիներուն։

***

Բոյն մը շինեցինք Պուրճ Համուտի մէջ, հայ ժողովուրդի սրտին վրայ։

Ինչպէս մեր բոլոր խոյանքներուն եւ նախաձեռնութեանց մէջ, նաեւ Ժողովրդային տան շինութեան գաղափարին մէջ՝ մեր պայմաններուն ու կացութեան յարաբերաբար դժուարին գործի մը լծուեցանք։

Ժողովրդային սրտաբուխ նուիրատուութիւններով մարմին առաւ Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տունը։ Եւ, արդէն, հանրային մեր բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները ամփոփուած են այս նոր բոյնին մէջ, որ կու գայ դրապէս եւ լիովին գոհացում տալ երկար տարիներու մեր պահանջին։

Եթէ հաւատացած չըլլայինք, թէ հանրային նախաձեռնութիւններու մէջ հիմնականը հաւատքն է եւ գործնական աշխատանքը, հաւանօրէն առաջին իսկ վայրկեանին տատամսէինք ու երկմտէինք։

Հայ կեանքի վերջին քառասուն տարիներու պատմութիւնը փաստ մըն է, որ գաղափարականով մը եւ հաւատքով մը խթանուած ամէնէն դժուարին նախաձեռնութիւնն իսկ կէս ճամբան չի մնար։

Արժանապատուութեան հարց է, հայուն համար, սկսելէ ետք՝ նաե՛ւ վերջացնել։

Ըսինք,- կ­­՛ըսենք, ամէ՛ն առիթով,- որ «Ժողովրդային տուն»-երը շքեղանքներ չեն։ Ազգային կենսական ստիպողութիւններ են, որոնք դրապէս կ­­՛անդրադառնան ներկայ եւ ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան գործին։

***

Ժողովրդային նուիրաբերութիւններով կամ անհատապէս զոհաբերող նուիրեալներու առանձին նուիրատուութիւններով կառուցուող շէնքեր՝ նիւթեղէն կառոյցներ չեն. այլ՝ գաղափարականի մը շօշափելի արտայայտութիւնը։

Այսպէս եղաւ, բազմաթիւ «տուն»-երու կարգին՝ նաե՛ւ Պուրճ Համուտի «ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏԱՆ» պարագան։

Հոյաշէն այս կառոյցը քարեղէն արտայայտութիւնն է աննիւթական եւ անշօշափելի երազներուն, որոնցմով կ­­՛ապրի ամէն մէկ հայ՝ սփիւռքի զանազան անկիւններուն մէջ։- ՏՈԿԱԼ, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԻԼ, ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ։

Պուրճ Համուտի «ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՈՒՆԸ» համահայկական ընդհանուր մտահոգութիւններու եւ ձգտումներու դրապէս պատասխանող գործ մըն է. եթէ կ­­՛ուզէք՝ արտայայտութիւնն է ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՆ մը, զոր ցոյց տուած է հայութիւնը մինչեւ այսօր,- հանրային, հոգեւոր, մշակութային թէ կրթական ճակատներու վրայ, եւ զոր ցոյց կ­­՛ուզէ տալ այս անգամ եւս, յատկապէս ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ կոչուած միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու առաքելութիւնը դիւրացնելու համար։

Շէնքին համար գոյացած ու ծախսուած է 100,000 լիբանանեան ոսկի։

Սկսուած գործ մը՝ ապահով լրացման սահմանուած գործ է, երբ նախաձեռնութեան ետեւ կայ հայ ժողովուրդը, եւ նախաձեռնութեան իբրեւ խարիսխ՝ կայ գաղափարական մը կամ հանրային մտածողութիւն մը։

«ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՈՒՆ»-ը նոր երդիք մը եւ նոր օճախ մըն է համահայկական իտէալներու իրագործման ճամբուն վրայ։ Նոր հանգրուան մըն է՝ լիբանանահայութեան ազգային եւ հանրային վերելքի ճանապարհին վրայ։ Նոր փառքի հորիզոն մըն է։

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )