Հայրենիք. Խմբագրական. Իսլամաց(ու)ած Եւ Թրքաց(ու)ած Բնակչութիւն

HairenikԵրբեք չափազանցութիւն պիտի չըլլայ հաստատելն ու շեշտելը, թէ Թուրքիոյ ներկայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը պատմութեան ընթացքին բռնի կամ կամաւոր իսլամացուած, թրքացուած կամ քրտացուած ժողովուրդներու սերունդներէ կը բաղկանայ, եւ այս մէկը փաստելու համար տեղին է ամենայն մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պեղել գոյութիւն ունեցող պատմական եւ մարդաբնական ուսումնասիրութիւնները:

Պոլսոյ մէջ կատարուած գիտաժողովին անունն անգամ իր իւրայատուկ գրութեամբ իմաստալից է՝ «Իսլամաց(ու)ած հայերը»: Փակագիծ մը, որ տարիներ շարունակ շղթաներով կապուած ու պահուած փակ իրականութիւն մը կը մերկացնէ եւ դռները բանալով՝ կը բացայայտէ իրականութիւններ, որոնք սկսան տասնեակ մը տարիէ ի վեր, երբ քաղաքական պայմաններն ու ներկայ իրավիճակը պարտադրեցին, որ այդ թապուն՝ հպարգելքը վերջնականապէս փուլ գայ, մանաւանդ քրտաբնակ հողատարածքին վրայ, որուն ցայտուն փաստը Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիներու եւ այլ սրբատեղիներու վերաշինութիւնն է: Հոս նաեւ տեղին է նշել, թէ պարզ վերանորոգման եւ իբրեւ պատմական կառոյցի պահպանման աշխատանք չէ կատարուածը, այլ, յատկապէս Սուրբ Կիրակոսի պարագային, կը կատարուին նաեւ պատարագ, ծէս, մկրտութիւն…

Անհատական բնագաւառէն ներս, իսլամաց(ու)ած հայերու խնդիրը բռնկեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, թէ Քեմալ Աթաթիւրքի որդեգրած զաւակներէն Սապիհա Կէօքչենը Հայոց ցեղասպանութէնէն ճողոպրած հայ ընտանիքի մը աղջնակն է, որ դարձաւ իր երկրի առաջին կին օդաչուներէն մէկը: Դեռ աւելի՛ն. այս հարցը կրկին մակերես բարձրացաւ, երբ հանրածանօթ հրապակագիր Ֆեթհիէ Չեթին հրատարակեց իր «Մեծ մայրիկս» գիրքը՝ յայտնելով, թէ ինք հայ է:

Եւ դեռ՝ նմանօրինակ անցուդարձերու երկար շարք մը, որ նոյնիսկ խթանեց Թուրքիոյ գիրն ու գրականութիւնը, յանձին Օրհան Փամուքի եւ էլիֆ Շաֆաքի, որոնք իրենց գործերուն մէջ ներկայացուցին այս մութ ծալքերը:

Յատկապէս վերջին տարիներուն, հետզհետէ ինքնութեան հարցը կը գերադասուի եւ կը նկատուի ամենակարեւոր առեղծուածը: Միայն իսլամացած եւ, հետեւաբար, թրքացած հայերը չեն, որ բեմի վրայ են: Դեռ կան բռնի ուժով իսլամացած եւ հետեւաբար թրքացած ասորիներ, հրեաներ, պոնտոսցիներ, յոյներ, եւ այլն:

Տէրսիմէն մինչեւ մայրաքաղաք Անգարա, այսպէս կոչուած ու անուանուած, գաղտնի հայերը գիտեն, թէ հայ են եւ իրենց կրօնը քրիստոնէութիւնն է: Դժբախտաբար իրենց ապրած վտանգաւոր միջավայրին մէջ գոյատեւելու համար իսլամացուածի պէս կ­­՛ապրին:

Ցայսօր Թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնամոլ եւ կրօնամոլ շրջանակներու մօտ, «հայ» բառը  իբրեւ հայհոյանք կամ նախատինք կը գործածուի, եւ հակառակ ասոր՝ վերջին տարիներուն իրենց իրական ինքնութեան եւ կրօնին վերադարձող հայորդիներուն թիւը հետզհետէ կը բազմանայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )