Սապունճեան Իր Վստահութիւնը Յայտնեց Սննդեղէնի Ճարտարարուեստի Մարզին Նկատմամբ

Սապունճեան` սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու պատուիրակութեան հետ

Սապունճեան` սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու պատուիրակութեան հետ

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու սենտիքայի նորընտիր տնօրէն խորհուրդը` գլխաւորութեամբ Մունիր Պսաթի, որ ներկայացուց սենտիքայի ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Ողջունելէ ետք զինք այցելող պատուիրակութիւնը` Վ. Սապունճեան յաջողութիւն մաղթեց անոր անդամներուն, ընդգծելով իր վստահութիւնը սննդեղէնի ճարտարարուեստին եւ անոր ունենալիք ապագային նկատմամբ:

Իր կարգին, Պսաթ բարձր գնահատեց Վ. Սապունճեանի դերակատարութիւնն ու ջանքերը` լիբանանցի գործատէրերուն ու ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն օժանդակելու եւ անոնց աշխատանքը հեզասահ դարձնելու նպատակով դիւրութիւններ տրամադրելու առումով:

Վ. Սապունճեան պատուիրակութիւնը քաջալերեց մասնակցելու սննդեղէնի ճարտարարուեստի Նիւ Եորքի ցուցահանդէսին` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ հսկայ շուկայ կը նկատուին եւ պատրաստ են ընդունելու լիբանանեան արտադրութիւնները:

Նշենք, որ Վ. Սապունճեան նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպան Մարթա Իկնաս Փիթզանիլիի հետ եւ քննարկած տնտեսական ու ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած էր նաեւ Վ. Սապունճեանի եւ լիբանանցի գործատէրերու կողմէ Ուրուկուէյ կատարուելիք այցելութեան կարելիութիւնները` բացայայտելու համար աշխատանքի եւ ներդրումի կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )