Տեսակէտ-Ազատ Բեմ. Քերրի՛, Քեռի՞ Ես, Թէ՞… Գերի

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

john-kerryԱմերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը, աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, յատկապէս Աֆղանիստան եւ Իրաք ներխուժումներէն ետք, աւելի քան անփառունակ է` ի տես իր խաղքութիւններու ու գայթակղութիւններու իրերայաջորդութեան:

Նոյնիսկ Պաղ պատերազմի տարիներուն Ամերիկան այսքա՜ն այլակործան եւ այլանդակ քաղաքականութեան մէջ չէր մխրճուած, այսքա՜ն թշնամի ու հակառակորդ չէր շահած, այսքա՜ն շեղում եւ անկում չէր արձանագրած:

Վատայուշ նախագահ կրտսեր Պուշը, որ Ամերիկայի նախագահներու պատմութեան մէջ իր «ուղեղային» մակարդակով ամէնէն ցածը եղած է, ոչ միայն ամերիկացիներուն, այլեւ աշխարհի համար դարձաւ պատուհաս մը:

Հայաստանցիները կ՛ըսեն` «Ո՛չ խելք ունի, ո՛չ էլ մեղք», երբ կ՛ակնարկեն դատարկապորտի մը, պատեհապաշտի մը կամ արկածախնդիրի մը:

Պուշի պարագային, ճիշդ է, խելք չունէր, բայց մեղք… որքան որ կ՛ուզուի, որովհետեւ ո՛չ խելքի, ո՛չ ալ մեղքի հասկացողութիւն ունէր, իսկ զինք շահագործողները, իր ունայնամտութիւնը լաւ ճանչնալով, մերթ այս, մերթ այն կողմ հրեցին զինք, իսկ ինք այդ բոլոր հարա-հրոցներուն համակերպեցաւ:

Ասոնց գլխաւոր փաստը Իրաք ներխուժումն էր` հակառակ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդդիմութեան, որուն ո՛չ լսեց, ո՛չ ալ կարեւորութիւն տուաւ, որովհետեւ խարդախ վարչակարգը ատիկա կ՛ուզէր, իսկ ամէն ինչէն «պեխապար»-ը, որոշեց (իբր թէ) Իրաքը ձերբազատել հիւլէական-կորիզային-քիմիական զանգուածային ոչնչացման զէնքերէն, հետեւաբար` նախագահ Սատտամ Հիւսէյնէն եւ անոր վարչակարգէն:

Ամերիկացի դարանակալ դիւանագիտութիւնը լաւ ուսումնասիրած էր իրաքեան թղթածրարը.

– Սատտամը մարդասպան ու բռնատէր էր` իր ժողովուրդին մեծամասնութենէն ատուած:

– Իրաքը Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհի ամէնէն հզօր բանակը ունէր:

– Քուէյթ, Իրան եւ այլ կարգ մը երկիրներ թշնամական վերաբերմունք ունէին Իրաքի հանդէպ:

– Իրաք (իմա` Սատտամ Հիւսէյն) օր մը կրնար բացայայտել Ուաշինկթընի այն խաղաթուղթերը, որոնցմով իրմէ պահանջուած էր Իրանը պատերազմական հաշուեյարդարի ենթարկել, զինք զինելով ամէնէն արդիական եւ ազդու զինամթերքով:

– Իսրայէլին լուրջ սպառնալիք մըն էր եւ հրէական լոպին կը ճնշէր իր վրայ:

– Քարիւղի ամէնէն հարուստ եւ անսպառ աղբիւրը կը հանդիսանար:

Ուստի, Պուշը` «փուշտը եւ փամփուշտը» տրամաբանութեամբ (հայր Անդրանիկ Կռանեանի այլ հորիզոնականի մը վրայ գրուած մէկ խորագիրը), արշաւեց Իրաք (յետոյ պոչիկ դարձնելով առ այդ մերժող Ֆրանսան) եւ ի՜նչ… ոչ մէկ մահասփիւռ զէնք գտնուեցաւ, իսկ Սատտամը ռամատանի օրը կախաղան հանուեցաւ` վարկաբեկելով իսլամականութիւնը, իսկ այդ արարողութիւնը ցնցիչ էր, հոգ չէ թէ ան, իրօք, բռնակալ մըն էր, մինչ Իրաքի նաֆթային-մշակութային բոլոր աղբիւրները սեփականացուեցան ու թալանուեցան, առաւել ահաւո՛րը, երկիրը մխրճուեցաւ անվերջանալի անապահովութեան ու վայրագութեան փոթորիկի մը մէջ, անխուսափելի բաժանելիութեան ու բզկտուածութեան իրավիճակով:

Այս Պուշ-փուշիկը պէտք էր դատուէր ոչ միայն Իրաքի մէջ իր գործած ապիկարութիւններուն համար, այլեւ, եւ մասնաւորաբար, ամերիկացի անմեղ եւ խեղճուկրակ զինուորներու յումպէտս սպանութեան, որուն դիմաց, որդեկորոյս հէք ծնողներ, ոչի՜նչ կրցան ընել, բացի ողբալէ իրենց զաւակներուն անիմաստ եւ ցաւալի կորուստը:

Պարաք Օպաման, որ առաջին եւ երկրորդ պաշտօնաշրջանի մը համար նախագահ եղաւ, ուրիշ յուսախաբութիւն մը դարձաւ` հակառակ իր նկատմամբ որոշ համակրանքի ու հանդուրժողութեան տրամադրութեանց, երբ յաջորդաբար նոր ձախաւերութիւններու «պարտէզ»-ներ բացաւ, իր երկրէն ներս թէ Միջին Արեւելքի մէջ:

Մարդը շուարած էր. ներտնտեսութի՞ւնը, թէ՞ արտքաղաքականութիւնը:

Կորսուած է ու կը փորձէ իր կորուսեալութիւնը փնտռել… արաբական աշխարհին մէջ, «արաբական գարուն»-ներ ստեղծելով, դժբախտաբար կարգ մը արաբական երկիրներու դատապարտելի մեղսակցութեամբ:

Արդի՞ւնք. անգամի մը համար ակնարկ նետենք արաբական աշխարհին վրայ, մանաւանդ անոնց, որոնք ամերիկեան դրածոներ եղած էին եւ են եւ այդ «գարուն»-ներու «պըլըֆ»-ին տակ անդամալոյծ ու հաշմուած են այսօր` ընդերկար այդպէս մնալու դատապարտուած ըլլալով:

Գահընկէց եղող Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք, որ շուրջ քառատասնեակ մը ծառայեց Ուաշինկթընի, մէկ օրէն միւսը զգետնուեցաւ եւ խուցային մահճակալին մէջ համարձակեցաւ գոռալու. «Ամերիկան ամէնէն մեծ սատանան է»:

Շատ ուշացած էր Մուպարաքը, որովհետեւ, ինչպէս այլ արաբական երկիրներ, իր հայրենիքն ալ կը տապլտկի շարունակուող անագորոյն ճակատագիրի մէջ, իսկ Օպամա եւ ընկերք կը դիտեն ու կը դիտե՜ն, վաղը ուրիշ որձեւէգ քաղաքականութիւն մը որդեգրելով այլուր (ինչպէս պատահեցաւ Սուրիոյ պարագային):

Այո՛, Օպաման, յուսադրելի ու խոստմնալի հովերով եկաւ, սակայն այսօր կը գտնուի ճիշդ հակառակ ուղղութեան վրայ, իսկ իր նախկին արտաքին գործոց նախարարը` Հիլըրի Քլինթընը, միջազգային քաղաքականութեան մէջ անգէտ, անտեղեակ եւ խակ մը, կարծեց «հրաշքներ» գործել, մանաւանդ` Լիբանանի մէջ, իր օգնականներէն` Ամերիկայի նախկին դեսպան տխրահռչակ Ճեֆրի Ֆելթմանի… Ֆելթընութեան խորհրդատուութեամբ, լիբանանցիները զիրար հակադրելով ու թշնամացնելով:

Այժմ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարն է Ճոն Քերրին, որուն նկատմամբ կար համապատասխան յուսալիութիւն եւ վստահութիւն, թէ` իր նախորդներէն «բան մը» կը փոխէ, աւելի անաչառ, առարկայական եւ ուղղամիտ ըլլալու, յատկապէս անոր համար, որ շրջանին եւ անոր պատասխանատուներուն ծանօթ էր:

Միամիտ ու բարեմիտ ակնկալութիւն` պիտի մտածեն շատեր, որովհետեւ Ամերիկայի պետական քարտուղար մը չի կրնար այդ ձեւով մտածել ու գործել, քանի «ռիմոթ-քոնթրոլ»-ները իր ձեռքը չեն, այլ` Փենթակոնին, այլեւ` հրէական լոպիին:

Ինչո՞ւ այս մատնանշումները, պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ ամերիկեան արտաքին ռազմաքաղաքականութիւնը եթէ ոչ սխալ, բայց անպայմանօրէն ձախողած ու ձախողելի ընթացքի մէջ է, վկայութեամբը` նոյնինքն ամերիկեան մետիայէն վերլուծումներու ու մեկնաբանութիւններու:

Արաբական աշխարհին համար արդեօք ամօթանք չէ՞ր Օպամային այն յայտարարութիւնը, զոր ան կատարեց քանի մը ամիս առաջ Թել Աւիւի մէջ` Իսրայէլի լորձնաշուրթն գովքը հիւսելով, այն տպաւորութիւնը ձգելով, թէ բոլոր արաբները «հեչ» են, իսկ հրեաները` «սուրբ», ապա Սուրիոյ վրայ ամերիկեան (հաւանական) յարձակումը նկատեց… մարդասիրութիւն:

Այս անհեթեթութիւնը մե՜ծ ամօթանք մըն է` մարդկութեան երեսին շպրտուած, երբ գերհզօր պետութեան մը ղեկավարը անմեղ բնակչութիւն ռմբակոծելու սպառնալիք կ՛արձակէ նախագահ մը եւ անոր վարչակարգը պատժելու սին պատրուակով:

Մինչ (ժողովրդավա՞ր) Ֆրանսան իր անհանդուրժելի նախագահով կը յոխորտայ զէնք ղրկել ահաբեկչական վոհմակներու, որպէսզի արաբ ժողովուրդ ջարդեն ու մորթեն, ընդհուպ` քրիստոնեաներ, իսկ ինք, առանց խպնելու ու փրոթոգոլային աննախընթաց սայթաքումով Էլիզէի պալատին մէջ կ՛ընդունի, այսպէս ըսուած, սուրիացի «ընդդիմադիր փխրուն» ղեկավարներ:

Այս ալ այն Ֆրանսան է, որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն… պաշտպանն է: (Ականջը խօսի հայութեան, որ եւրոպական այս քաղաքակի՜րթ օրրաններէն ինչե՜ր չէ ճաշակած):

Աւելի՛ն. այս թոհուբոհին մէջ յաւակնոտ Քերրին աստ ու անդ կը շրջի` պատերազմական ղօղանջներ հնչեցնելով, Արեւմուտքի ԱՆՄԻՏ ղեկավարներ գրպանելով եւ կարգ մը ՍՏՐԿԱՄԻՏ արաբ իշխանութիւններ դարպասելով, ի ծառայութիւն հրէական-իսրայէլեան անյագ ախորժակներու:

Եթէ ամերիկեան (եւ այլ գերպետութիւններու) ռազմաքաղաքականութիւնը` շահագործելու ու նուաճելու, ստրկացնելու ու գերեվարելու բռնատիրական ոճն է, ապա ուղղակի զարմանալի է արաբական որոշ կողմերու համակերպութիւնն ու հնազանդութիւնը այդ ոտնձգութիւններուն, արաբականութիւնն ու արաբական աշխարհը ջլատելու, կարծելով, թէ իրենք բացառուած պիտի ըլլան, հետագային, այդ «դաշնակից»-ներու հարուածներէն…

Իսկ պրն. Քերրին, որ յաւակնութիւնը ունի տակաւին (օր մը) նախագահ դառնալու, ի՞նչ ձեւով կ՛ուզէ իր հեղինակութիւնն ու ժողովրդականութիւնը պահել, երբ իր երէկուան շինիչ կեցուածքները կը փոխարինէ կոշտ վարքագիծերով, առաւել` իր անհաճոյ «պոյ»-ը ցուցադրելով արաբական ոստաններուն մէջ:

***

Հայութեան եւ Հայ դատին նպաստաւոր ու զօրավիգ վերաբերմունք ունեցող Քերրին, բարձրագոյն դիրքի մը հասնելով, կիրքի վերածեց զայն, նախ` Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման կամ ճանաչման գծով որդեգրելով, մեղմ ըսած, մշուշոտ մօտեցում մը, իսկ արաբական աշխարհը վերածելով իր «այգի»-ին:

Ահա թէ ինչո՛ւ կը հարցնենք.

ՔԵՐՐԻ՛, ՔԵՌԻ՞ ԵՍ, ԹԷ՞ ԳԵՐԻ.

Բայց հետաքրքրական է, մարդ ինչպէ՞ս քեռի կրնայ ըլլալ, երբ կայ գերի դառնալու ապաշնորհ պարտաւորութիւնը…

 

Պէյրութ, 16 սեպտեմբեր  2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )