«Լ՛Օրիան Լը Ժուր» Կ՛անդրադառնայ Ժիւլի Մուրատի Հայ Բանաստեղծութեան Արաբերէն Հաւաքածոյին

L-Orient-Le-JourԷտկար Դաւիթեան լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթի երէկուան թիւին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ Ժիւլի Մուրատի հայ բանաստեղծութեան արաբերէն հաւաքածոյին` նշելով, որ այդ հաւաքածոյին լոյս ընծայումով «բացթողում մը» սրբագրուած է: Ան կը յայտնէ, որ օտար լեզուներով հայ բանաստեղծութեան նուիրուած մասնակի երկերը շատ են, սակայն Ժուլի Մուրատի արաբերէն եւ 443 էջերէ բաղկացած «Մեր բանաստեղծները` Հայաստանի փառքի կերտիչները» խորագիրով գիրքը, որ լոյս տեսած է «Տար Մուրատ» հրատարակչատունէն, «Սայաթ Նովայի երկրին» աշխարհին մէջ պտոյտ մը կատարելու հրաւէր մըն է:

Դաւիթեան կը նշէ, որ աւելի քան 2 քիլոկրամ կշռող եւ շքեղ խմբագրութեամբ գիրքը, որ արաբերէն լաւ թարգմանութեամբ կը ներկայանայ, «հոյակապ ու պայծառ» նորութիւն մըն է: Բանաստեղծութեանց ընկերակցող գեղանկարները պատմական, գրական եւ գեղանկարչական ծանօթացման պատուհան մը կը բանան` աւելցնելով, որ պատկերազարդուած բաժինին մէջ հոյակապ աշխատանք կատարուած է, մասնաւորաբար այն ընթերցողներուն համար, որոնք «Գրիգոր Լուսաւորիչի լեզուին» քաջածանօթ կամ ընդհանրապէս ծանօթ չեն:

Դաւիթեան կը գրէ, որ վիպագիր եւ թարգմանիչ Ժիւլի Մուրատի այս գիրքով ընթերցողը ինքզինք կը գտնէ ոչ միայն «Արարատ լերան երկրին» բանաստեղծական արուեստին, այլ նաեւ` վարպետ գեղանկարիչներու հարուստ տեսարանի մը առջեւ: Սկսելով Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ 38 գիրերու «լուսաւոր գիւտ»-էն, հասնելով մինչեւ առաջին քրիստոնեաներու հաւատքի պահերը, ցեղասպանութեան արիւնոտ օրերը, խորհրդային բռնատիրութենէն ազատման եւ սփիւռքի ժամանակաշրջանները, բոլոր ակնարկները, նշումներն ու պատկերները այս գիրքին մէջ են:

Գիրքին մէջ ներառուած են աւելի քան 35 բանաստեղծներ, որոնք մանրակրկիտ կերպով ընտրուած են եւ որոնց կենսագրական գիծերը եւս ներկայացուած են: Նշեալ բանաստեղծներու շարքին են Յովհաննէս Շիրազ, Վահէ Վահեան, Գեղամ Սարեան, Միսաք Մեծարենց, Կոստան Զարեան, Դանիէլ Վարուժան, Վահան Թէքէեան, Աւետիք Իսահակեան, Արշակ Չոպանեան, Պետրոս Դուրեան, Նահապետ Քուչակ եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Ասոնց վրայ կու գան աւելնալու գեղանկարիչներն ու անոնց գործերը: Աւելի քան 50 գեղանկարիչներու համար աւելի քան 60 էջ տրամադրուած է: Գիրքին մէջ ներկայացուած գեղանկարիչներու շարքին են Թորոս Ռոսլին, Յովհաննէս Այվազովսքի, Մարտիրոս Սարեան, Երուանդ Քոչար, Ռոպերթ Էլիբեկեան, Մինաս Աւետիսեան, Կալենց, Արշիլ Կորքի, Քարզու, Ժանսեմ, Սերկէյ Փարաճանոֆ եւ ուրիշներ:

Դաւիթեան կ՛եզրակացնէ, որ այս գիրքը պատկերներով հարուստ գիրք մըն է, որ արաբերէնով լոյս կը սփռէ հայ բանաստեղծութեան վրայ: Մշակոյթներու փոխյարաբերութեանց համար հաճելի եւ օգտակար «փաստաթուղթ» մըն է, զոր կ՛արժէ պահել բոլոր գրադարաններուն մէջ կամ պարզապէս տօնական օրերուն նուիրել , որովհետեւ «յայտնաբերելը եւ ուրիշները աւելի լաւ ճանչնալը արդէն անոնց մօտենալ է…»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )