Նախաձեռնութեամբ «Պատկեր» Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոնին. Ձեռարուեստի, Գծագրութեան Ու Շարադրութեան Կողքին Ղափամայի Մրցանք
Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Պատկեր» մշակութային ժառանգութեան պահպանման կեդրոնին, երէկ` ուրբաթ, 29 նոյեմբեր 2013-ին, հայ մշակոյթի ժողովրդային յատուկ օր մը նշուեցաւ Նոր Մարաշի «Պատկեր» կեդրոնին մէջ:
Արդարեւ, կէսօրուան կանուխ ժամերէն սկսեալ շրջանի հայկական թէ ոչ հայկական վարժարաններու պատանիներ համախմբուած էին կեդրոն` իրենց ձեռարուեստի ստեղծագործութիւնները ներկայացնելու: Պատանիներու այլ խումբ մը լծուած էր մեղուաջան աշխատանքի` գծագրութեան, շարադրութեան թէ ձեռարուեստի զանազան մարզերու առնչուող յղացքներով:
Կեդրոնի ճաշարանի բաժինին մէջ, հայ թէ ոչ հայ հիւրեր կը ճաշակեն արեւելեան, լիբանանեան եւ յատկապէս հայկական ուտեստեղէններ` մեծ մասամբ պատրաստուած կեդրոնի խոհարարապետ շեֆ Մարօ Չէօրեքճեանի կողմէ:
Երեկոյեան ժամը 7:30ին դատական կազմի անդամներ արուեստագէտ Անիթա Թութիքեան, շարժապատկերի արտադրող Լենա Երէցեան եւ խոհարարապետ շեֆ Մարօ Չէօրեքճեանի յետ քննութեան յայտարարեցին ղափամայի, շարադրութեան եւ գծագրութեան մրցանքներու արդիւնքները` հետեւեալ ձեւով.
Ղափամայի մրցանակակիր
Խաժակ Պաքճաճի եւ մայրը` Լիզա Արզումանեան: Խաժակ կը յաճախէ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան, 4-րդ դասարան:
Շարադրութեան մրցանակակիր
Յակոբ Պեքերեճեան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան, 10 տարեկան:
Գծագրութեան մրցանակակիր
Մարքօ Չեքմէեան, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանէն, 17 տարեկան:
Ձեռարուեստի մրցանակակիրներ`
Սելիմ Տումեթ, Ֆրանքօ-լիպանէ վարժարանէն, 8 տարեկան եւ Ցոլեր Պետրոսեան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանէն
Մրցանքէն առաջ եւ ետք արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր: Մէկ կողմէ ճաշարանի հիւրերը, միւս կողմէ մասնակից պատանիներն ու պարմանուհիները: Իսկ մթնոլորտին հայկական ու լիբանանեան երանգ մը կու տար գեղարուեստական բաժինը, որուն ընթացքին Ժան Օհաննէսեան կիթառի վրայ հայերէն թէ ֆրանսերէն երգերով կը ճոխացնէր մթնոլորտը: Արուեստագէտ Օհաննէսեանի կողքին դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցան Մարալ Առնէլեան, փոքրիկն Նանօր Առնէլեան (Պախէն հատուածներ), Էլենա Տումեթ 9 տարեկան եւ Մարք Կիւլկիւլեան` 7 տարեկան:
Ժողովրդային թէ դասական երաժշտութեան ունկնդրութեան առընթեր, կեդրոնի գաղափարը յղացող եւ տնօրէն Արփի Մանկասարեանի հետ մտերմիկ զրոյցի մը պահուն պատասխանելով այն հարցադրումին, թէ ինչո՞ւ «Պատկեր» անունը ընտրած է կեդրոնին համար, ան յայտնեց որ կեդրոնը այլազան մարզերու մշակութային, աւանդական ժառանգութեան արժէքներու ցոլացումով կ՛ուզէ հայկական մշակոյթին, հայկական ժառանգութեան, հայո՛ւ պատկերը դրսեւորել:
Մանկասարեաններու սեփականութիւնը եղող երկյարկանի «Պատկեր» կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտի, հայկական արժէքներու, հայկական աշխարհի մանրանկար մըն է, որ կը պարզուի այցելուներուն առջեւ: Այս կեդրոնին նպատակն է զօրավիգ կանգնիլ հայ վարպետներուն, ինչպէս նաեւ` նորարարներուն, արժեւորել եւ փոխանցել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, ստեղծագործողներու հանդիպման վայր հանդիսանալ:
«Պատկեր» կեդրոնին մէջ կը գտնենք հայկական ճոխ խոհանոցէն ճաշեր ու աւանդական կերակրատեսակներ` պատրաստուած հմուտ տիկիններու կողմէ: «Պատկեր» կեդրոնը հանրութեան կը տրամադրէ ցուցադրութեան եւ աշխատանքային յարմարութիւններով սենեակներ, կազմակերպուած այցելութիւններ շրջանին արհեստանոցները, նորարարներու եւ աւանդական արհեստի վարպետներու կեցութեան վայր, ձեռարուեստի տաղաւար մը, եւ այլն:
«Հալոուին»-ի այս օրերուն եւ «Պատկեր» կեդրոնի հիմնադրութեան առաջին տարեդարձին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկը, ներկաները հոգեպէս փոխադրեց դէպի հայկական աշխարհ` իր աւանդական ժառանգութեամբ ու մշակութային արժէքներով: Յաջող այս ձեռնարկին մթնոլորտը իր անմիջական տպաւորութեամբ լռելեայն խոստում մըն էր կարծէք` յառաջիկայ տարեդարձներուն ներկաները փոխադրելու դէպի հայ մշակութային ժառանգութեան ակունքը, բնօրրանը` դէպի բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանը ցոլացնող հայաշխարհը: