Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԵՔՍԻՔՈՅԻ մէջ ապրող լիբանանցի ծագումով միլիառատէր Քարլոս Սլիմ հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ եւ յոյս յայտնեց Իսրայէլի մէջ ներդրումներ կատարելու:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երեքշաբթի, 3 դեկտեմբերին պիտի ըլլայ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին սփռած «Պիլա Հասանա» յայտագիրին հիւրը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆերիտ Մքարի շեշտեց, որ շրջանին մէջ լուծումներու յանգելու հանգրուանի մը հասած ենք եւ ըստ երեւոյթին այդ լուծումներուն մէջ նկատի առնուած է նաեւ Լիբանանը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են նախագահական ընտրութիւնները եւ համաձայնութիւն գոյացուցած այդ ընտրութիւններու թեկնածուներու անուններուն ճշդումին շուրջ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մերժեց Պաշիր Ժեմայէլի դէմ ուղղուած արտայայտութիւնները:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ արուարձաններուն մէջ բանակն ու ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ապահովական կառոյցին անդամները խիստ միջոցառումներու դիմած են եւ անցարգելները վերահաստատած:
ՀԱՄԱՍ կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան 2006-ի յուլիսեան պատերազմին պատճառով պաղեստինցի գաղթականներուն վնասուած բնակարաններուն հատուցումները կատարելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ մեկնեցաւ Թուրքիա:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Լիբանան պիտի դիմագրաւէ դժուար հանգրուան մը, որուն ընթացքին պէտք է զգուշ ըլլալ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու ամիսները Լիբանանի համար ամէնէն վտանգաւոր ամիսները պիտի ըլլան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մտադրած է այցելել Սէուտական Արաբիա:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս մուտք գործած է իրաքացումի հանգրուան` աւելցնելով, որ Հըզպալլա անկարող է ճշդել ճակատամարտին սկիզբը կամ վերջը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ երկրին քաղաքական ուժերուն միջեւ պէտք է լուրջ խորհրդակցութիւն կատարուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապի լուծումը ուղղակիօրէն կախեալ է Սուրիայէն Հըզպալլայի նահանջէն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան աղբիւրներէ, նշեց, որ Լիբանան անգիր որոշում մը տուած է Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գաղթակայաններ կառուցելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Լիբանանի հարցը բռնկած է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող լարուածութեան պատճառով:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուներուն համաձայն, ան կը սպասէ յարմարագոյն պահուն, որպէսզի լիբանանեան քաղաքական կողմերը երկխօսութեան հրաւիրէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով յոյսեր չկան` աւելցնելով, որ երկրին մէջ դրական ոչինչ մնացած է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Պահիա Հարիրի Ժեզզինի բանտին մէջ գտնուող Ահմետ Ասիրի հետեւորդները կը շփացնէ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փարիզ կը մտածէ լիբանանցիները հրաւիրել խորհրդաժողովի մը, ինչպէս կատարած էր 2009-ին` Սեն Քլուի մէջ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կը փափաքի, որ Հըզպալլա բանակին հետ ճակատի, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել Սուրիոյ կռիւին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պէտք է ըլլայ չափաւորական: Նոյն օրաթերթը կը նշէ նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ դրական կեցուածքներ լսած է` Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ նախաձեռնութիւն մը առաջադրելու հաւանականութեան մասին:
«ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կայքէջին համաձայն, կան որոշ տեղեկութիւններ, թէ հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլը սպաննող ոճրագործ Հապիպ Շարթունի կը բնակի հարաւային Լիբանանի մէջ: