Հենրիխ Մխիթարեան «Ֆոր-Ֆոր-Թու»-ի Աշխարհի 100-Ին Մէջ` 66-րդ Դիրքին Վրայ
Անուանի «ֆոր-ֆոր-թու» ամսաթերթը արդէն իսկ պատրաստած է յունուար 2014-ի աշխարհի 100 լաւագոյն ֆութպոլիստներուն ցանկը:
Հայկական Football365 կայքէջը կը շարունակէ նշելով, որ այդ հարիւրին մէջ է նաեւ Հենրիխ Մխիթարեան: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահը կը գրաւէ 66-րդ դիրքը:
Բաղդատմամբ նախորդ տարուան յունուարի դասաւորման, առաջին հարիւրին մէջ կատարուած են բազմաթիւ փոփոխութիւններ, ի մասնաւորի այս անգամ առաջին դիրքին վրայ տեսնուած է Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` իր ետին ձգելով Լիոնել Մեսսին:
Մխիթարեանի ետին կը մնան բաւական անուանի ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Վիքթոր Վալտես (69-րդ), Տաւիտ Վիյա (76-րդ) եւ ուրիշ շատեր:
Հետաքրքրական եղած է այն, որ ամսաթերթը Տիեկօ Լոփեսին եւ Իքեր Քասիասին տուած է 99-րդ դիրքը:
Պէտք է նշել նաեւ այն կարեւոր իրողութիւնը, որ Մխիթարեան կը հանդիսանայ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն միակ ներկայացուցիչը:
Հայկական աղբիւրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ այդ 100-ին մէջ Պարսելոնա ունի ամէնէն շատ ներկայացուցիչը (10):