Քայիտա Թուրքիոյ Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւններ Ծրագրած Է

Qaeda3122013«Ռուսիոյ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները ստացած են տեղեկութիւններ, թէ Քայիտայի հետ կապ ունեցող իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումները Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչութիւններ կը ծրագրեն:

Ըստ գաղտնի սպասարկութեանց, ահաբեկչական գործողութիւններ պիտի կատարուին Սուրիոյ սահմանակից տարածքին եւ Թուրքիոյ կեդրոնական հատուածին մէջ:

Գործին մեղսակից են Սուրիոյ մէջ գործող 47 զինեալ ծայրայեղական խմբաւորումներ, որոնք կապ ունին Քայիտայի հետ: Քաղաքներուն մէջ անվտանգութեան լրացուցիչ միջոցառումներու պիտի ձեռնարկուին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )