Այսօր Ցուցարարները Աւելի Մեծ Թիւերով Պիտի Բողոքեն Պարտադիր Կուտակային Կենսաթոշակին Դէմ
Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակի դէմ բողոքող տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի մասնագէտները, ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ նախագահի նստավայրին մօտ նախանցեալ օր բողոքի ցոյցը աւարտեցին իրենց պահանջները ներկայացնող նամակ յանձնելէ ետք:
Ցուցարարները կը ցանկային միասին անցնիլ նախագահական նստավայրի մայթ եւ յանձնել նամակը, սակայն ոստիկանները միայն հինգ հոգիի թոյլ տուին անցնիլ փողոցը եւ նամակը յանձնել նամակներու բաժին:
ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան հաւաքուածներուն յայտնեց, որ օրէնքով սահմանուած կարգով Հայաստանի նախագահը 15 օրուան ժամկէտի մէջ պարտաւոր է պատասխանելու նամակին:
«Նամակի դրական կամ բացասական պատասխանը կախեալ է նախագահէն, եւ նոյնքան ալ մեզմէ: Եթէ մենք կամք եւ վճռակամութիւն ցոյց տանք, միաւորուած ըլլանք, համախմբուած պայքարինք, եթէ առնուազն այդ 15 օրուան ընթացքին նախագահը տեսնէ, որ իր առջեւ կանգնած է ժողովուրդ, ուժ, միասնականութիւն, ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ ստիպուած պիտի ըլլայ գոհացնելու մեր պահանջները: Իսկ եթէ մենք բաժան-բաժան, մէկզմէկու չհասկնալով տարակարծիք գործողութիւններ կատարենք, հաստատ ասիկա դրական արդիւնք պիտի չունենայ», ըսաւ Գերասիմ Վարդանեան` նշելով, որ այս կառավարութեան յոյսեր կապելը անիմաստ է. «Այսօր վարչապետը մէկ բան կրնայ որոշել, վաղը նախագահը ուրիշ բան կ՛ըսէ»:
Ցոյցը բաւական բազմամարդ էր` քանի մը հարիւր մարդ, սակայն ցոյցի մասնակիցները յայտարարեցին, որ այսօր` 4 դեկտեմբերին, երբ Ազգային ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ կուտակային կենսաթոշակի մասին օրէնքէն պարտադիր բաղադրիչը հանելու չորս խմբակցութիւններու` ՀՅԴ-ի, Ժառանգութեան, Բարգաւաճ Հայաստանի եւ Հայ ազգային քոնկրեսի ներկայացուցած առաջարկին շուրջ քուէարկութիւնը, իրենց թիւը Ազգային ժողովին առջեւ աւելի մեծ պիտի ըլլայ:
Ամբողջ ցոյցին ընթացքին հաւաքուածները կը վանկարկէին «Ոչ», «Դէմ ենք», «Մենք ենք տէրը մեր երկրին»:
Բողոքի ցոյցը սկսած էր խորհրդարանի շէնքի մուտքին մօտ, ուր պարզուած էին «Դէմ եմ պարտադիրին», «STOP կուտակային կենսաթոշակին», «Կրկին մեր հաշուոյն» գրութեամբ պաստառներ, իսկ Ազգային ժողովի ճաղավանդակին ցուցարարները փակցուցած էին «ՈՉ պետական գրպանահատութեան» գրութեամբ ցուցապաստառ մը: Ցոյցին կը հսկէին մեծ թիւով ոստիկաններ:
Այստեղ անոնց մօտեցած էր Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Մանուկեան, որ տեղեկացուցած էր, որ իրենց առաջարկի քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 դեկտեմբերին:
Անոնք կը պահանջեն չեղեալ յայտարարել 1 յունուար 2014-էն ուժի մէջ մտնող կենսաթոշակներու մասին նոր օրէնքը, որով կը նախատեսուի իւրաքանչիւր քաղաքացիի ամսական աշխատավարձէն 5 առ հարիւր պարտադիր յատկացում կուտակային կենսաթոշակային հիմնադրամներուն: