Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնագիրը Լիբանանը Փրկած Է Մեծ Աղէտէ Մը
«Ժումհուրիա» օրաթերթը, բարձրաստիճան պատասխանատուէ մը քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը հաստատէ, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնագիրը Լիբանանը փրկած է մեծ աղէտէ մը, որ պիտի իրականանար Լիբանանը թիրախ դարձնող իսրայէլեան նոր յարձակումի մը պատճառով:
Ըստ նոյն պատասխանատուին, Իսրայէլ Լիբանանի դէմ նոր ներխուժում մը ծրագրած էր կատարել, ինչպէս գործադրել Լիբանանի դէմ իր մնայուն սպառնալիքը` Լիբանանը վերադարձնելով քարէ դար:
Նոյն պատասխանատուն հաստատեց, որ Իսրայէլ ծրագրած էր հարուածել Իրանի հիւլէական կեդրոնները, նախքան Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ համաձայնութեան գոյութիւնը, այն պատճառաբանութեամբ, որ Իրան կը նպատակադրէ հիւլէական ռումբեր արտադրել:
CATEGORIES Լիբանանեան