ԼՕԽ-Կամաւորներու Օր. «Սրտով Աշխատինք, Սիրտ Մաշեցնենք, Սիրտ Տանք Գործին, Որպէսզի Թափ Եւ Թռիչք Առնէ Անիկա» Ըսաւ Յակոբ Լատոյեան

lokh3Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2013-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանաւոր կերպով նշուեցաւ Կամաւորներու օրը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը 25 տարի առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով զոհուածներուն, ինչպէս նաեւ ներկաները յուզումով լսեցին այս առիթով երգուած «Քեզի համար Հայաստան» երգը:

Հելեն Խայաթ

Հելեն Խայաթ

Քարոզչական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Հելեն Խայաթ, որ լուսարձակի տակ առաւ ընկերութեան մէջ կամաւորներուն առաքելութեան կարեւորութիւնը` յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական կեանքի զարգացման իմաստով: Ան հաստատեց, որ հայութեան կեանքին մէջ եւս մեծ կարեւորութիւն ունի կամաւոր աշխատանքը` յոյս յայտնելով, որ Կամաւորներու օրուան առիթով իւրաքանչիւրին մօտ աւելի եւս ամրապնդուի ծառայելու այս պատրաստակամութիւնը, որովհետեւ յատկապէս ԼՕԽ-էն պահանջուածը բաւական լայնածաւալ է, եւ ժողովուրդը կը սպասէ անոր:

Ապա երաժշտական նուագով մը հանդէս եկաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տհոլի խումբը:

Յակոբ Լատոյեան

Յակոբ Լատոյեան

Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Յակոբ Լատոյեան, որ իւրայատուկ նկատեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ Կամաւորներու օրուան նշումը, որովհետեւ անիկա խորհրդանիշ մըն է կամաւորներու բոյնի, ուրկէ կը ճառագայթեն առողջապահական, ընկերային, կրթական, հոգեբանական եւ տնտեսական ծրագիրներ: Ան դիտել տուաւ, որ հայութեան կեանքին մէջ հայեցի դաստիարակութեան եւ կազմաւորման իմաստով կամաւոր աշխատանքը հիմնական դերակատարութիւն ունի, որովհետեւ հայը ո՛ւր ալ գտնուի, իր համայնքին օգտակար ըլլալու չի զլանար:

Խօսելով կամաւորի մը առանձնայատկութեան մասին` Յ. Լատոյեան հաստատեց. «Կամաւորը այն անհատն է, որ իր դրած ժամանակին եւ քրտինքին դիմաց աւելի կը մարդկայնանայ, իր զոհողութեան եւ նուիրումին դիմաց աւելի կը բարձրանայ: Վերջապէս իր անանձնական եւ անշահախնդիր մօտեցումներուն համար հոգին աւելի կ’ազնուանայ»: Անոր համաձայն, թէեւ այսօր արժէքներու խախտում գոյութիւն ունի, մարդիկ կը զլանան նոյնիսկ շնորհակալութեան խօսքով մը դրսեւորել իրենք զիրենք, սակայն կամաւորները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, որուն լաւագոյն փաստերն են մեր ազգային, հոգեւորական, մշակութային եւ այլ կառոյցները, որոնք կը գործեն ու կը յարատեւեն կամաւորներու ջանքերով եւ ներդրումով: «Նայեցէ՛ք ԼՕԽ-ի պատմութեան, անիկա միշտ եղած է ու մնացած մեր ժողովուրդին կողքին: Կամաւորներու բանակ մը ունեցած է: Իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական, որ իր երդումը կու տայ, բնականաբար կամաւոր գործելու եւ օգտակար ըլլալու ջահը կը բարձրացնէ եւ այդ ջահը սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ: Ջարդէն սկսած, թիթեղեայ տուներէն քարաշէնի անցած, ամբողջ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք ԼՕԽ-ի կամաւորներու աշխատանքի դաշտը միշտ ալ ընդարձակ եղած է, միշտ ալ լայն տեղ գտած է», ըսաւ բանախօսը:

Յ. Լատոյեան դիտել տուաւ, որ Կամաւորներու օրը նաեւ այդ օրն է, երբ ոչ միայն գործող կամաւորները պէտք է յիշուին, այլ նաեւ բոլոր այն անհատները, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ, սակայն իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ իր կամաւոր ներդրումը ունեցած է` մէկը մարզական, միւսը մշակութային, մէկը առողջապահական, միւսը կրօնական, մէկը դաստիարակչական, միւսը կրթական:

Մերօրեայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող փոփոխութիւններուն եւ միջակութիւններով գոհանալու վտանգաւոր երեւոյթին անդրադառնալով` բանախօսը նշեց, որ այսօր մենք նաեւ կոչուած ենք ծրագրաւորելու, կազմակերպուելու եւ ըստ այնմ գործելու: «Միջակութիւնը արտօնուած չէ, մենք կատարեալին ձգտելու թափով պէտք է աշխատինք», յայտնեց ան:

Յ. Լատոյեան նաեւ յիշեց 25 տարի առաջ Գիւմրին, Վանաձորը եւ Սպիտակը հարուածած երկրաշարժը, որմէ տուժածներ կան տակաւին. այս առիթով ան յայտնեց, որ չի բաւեր տարին անգամ մը յիշել զոհուածները, այլ պէտք է հեռու մնալ կարգախօսային տրամադրութիւններէն եւ լծուիլ գործի` Հայաստանի մէջ եւ Արցախի:

Կամաւորներու օրուան նուիրուած իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Լատոյեան ըսաւ. «Կամաւորը այն անհատն է, որ ոչ միայն ժամանակ կը տրամադրէ տուեալ գործի մը, այլ սիրտը: Իսկ այն գործին մէջ, ուր սիրտդ կը դնես, անպայման կը յաջողիս: Ուրեմն այսօր մենք խոստանանք, որ իւրաքանչիւրս մեր ստանձնածը պարտականութեան համար չընենք, միայն ժամանակ չտրամադրենք, ձեւականօրէն չկատարենք մեզի վստահուածը: Սրտով աշխատինք, սիրտ մաշեցնենք, սիրտ տանք գործին, որպէսզի թափ եւ թռիչք առնէ անիկա»:

Իրմա Տէտէեան

Իրմա Տէտէեան

Շահէ եպս. Փանոսեան

Շահէ եպս. Փանոսեան

Ապա Իրմա Տէտէեան «Հայաստանին» բանաստեղծութեան իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ պանծացուց Հայաստանը, փառաբանեց Արարատը, ոգեւորեց ներկաները` արժանանալով անոնց բուռն ծափողջոյններուն:

Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ կամաւորութեան սկզբունքին ընդմէջէն գործի լծուած ԼՕԽ-ը իր ստեղծման օրէն հասաւ ժողովուրդին ծով կարիքներուն` աւելցնելով, որ հաւատաւոր ԼՕԽ-ականներու ներկայութեան Կամաւորներու օր նշելը իւրայատուկ խորհուրդ է, որովհետեւ այս միութիւնը առաւելագոյնը կ՛ընէ ծառայելու սփիւռքին, Հայաստանին եւ Արցախին: Ան հաստատեց, որ հայութեան կեանքին մէջ կամաւոր աշխատանքը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, այդպէս գոյատեւած եւ բարգաւաճած են մեր կառոյցները:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ հաւատքով, ապրելու եւ ապրեցնելու սկզբունքով տարուած կամաւոր աշխատանքին ընդմէջէն ի յայտ կու գայ այն իրողութիւնը, որ մարդ իր անձնականէն բարձրանալով կը ծառայէ հաւաքականին համար, կը գործէ իր շրջապատի բարգաւաճման համար, որպէսզի աւելի ընդունելի պայմաններ ստեղծուին ընկերութեան մէջ, յատկապէս անոնց համար, որոնք կարիք ունին օգնութեան եւ նեցուկի: Ան հաստատեց, որ ԼՕԽ-ը այս մօտեցումով գործած է միշտ ու տակաւին կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր հիմնադիրներուն սկզբունքին եւ ուղիին:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կամաւորներուն, շնորհաւորեց զանոնք, որովհետեւ կաթիլ կաթիլ ի գործ դրուած ներդրումով հսկայ իրագործումներ կը կատարեն, իրենց ժամանակն ու ներուժը կը դնեն ի սպաս ժողովուրդին: Ան հաստատեց, որ այս բոլորին մէջ հիմնականը կը մնայ արդիւնքը, ուր կայ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ մարդկային վաստակը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )