Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Թրիփոլիի զինեալներուն ցուցաբերուած հովանաւորութիւնը բացայայտուած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Մաալուլայի մայրապետներուն առեւանգումը մարդկութեան դէմ գործուած չարիք է` աւելցնելով, որ ինք երբեք լաւատես չէ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները ազատ արձակելու հարցով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը չէզոք կամ միացեալ կառավարութենէ մը կախեալ չէ:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատուութիւն ունի երկրին նկատմամբ եւ կարելի չէ ըսել, որ ան հրաժարած է եւ որոշումներ չի կրնար տալ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի մէջ գործադրուելիք ապահովական յստակ ծրագիր մը չունի` հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ զինեալներուն կամքին ենթարկուելու պատճառով:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտի դէմ բերման գիր մը արձակած է:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի մասին Հըզպալլայի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքը արդէն իսկ յստակ է:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը մաս կը կազմէ քանդումային պատերազմի մը. այս առումով ան կոչ ուղղեց համախմբուելու լիբանանեան բանակին շուրջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Հըզպալլա ինքզինք կը նկատէ սէուտական-իրանեան մերձեցումէն առաջին տուժողը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ ընդգծեց, որ Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն պէտք է արմատական վերջ մը դնել: Ան շեշտեց, որ բանակը ազգային հաստատութիւն է, եւ Թրիփոլիի բնակիչները իրենց գրաւը կը դնեն անոր վրայ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել մերժեց պատասխանել ՏԱՀԵՇ-էն ստացած իր սպառնալիքին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է նիստ գումարէ` յատկապէս քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը քննարկելու համար:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի վերջին կեցուածքները կը հաստատեն, որ ան իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու միտում չունի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Աշրաֆ Ռիֆի լուրջ դերակատարութիւն ունեցած է` անցեալ ուրբաթ օրուան բողոքի նստացոյցը ջնջելու իմաստով: Ըստ նոյն աղբիւրին, Ռիֆի կրցած է համոզել Լիբանանի մէջ սալաֆական շարժումի հիմնադիր շէյխ Շահհալը, որպէսզի ջնջէ այդ նստացոյցը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ հեղինակութիւններ նշեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի զգուշացուցած է բանակին հետ հարցեր ունենալէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սալաֆական շարժումի հիմնադիր շէյխ Շահհալ յայտնեց, որ Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրը իր նպատակէն շեղած է եւ վերածուած ընդվզում պատճառող ծրագիրի մը:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք հաստատեց, որ ինք կը ջանայ հիմնել իսլամական խալիֆայութիւն մը` նկատի ունենալով, որ անիկա կրօնական եւ իւրաքանչիւր իսլամի կողմէ ստանձնուած պարտականութիւն է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դէմ պայքարելու ուղեգիծին վերադառնալու ընտրանքը որդեգրուած է երկար հաշիւներէ ետք: