Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Իրաքի` 4-3 Արդիւնքով

lebanon-futsall8122013Երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբերին, Քուալա Լամփուրի մէջ սկսան Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն խումբերը, որոնք պիտի մասնակցին Վիեթնամի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան:

Լիբանանի ազգային խումբը, որ իր կատարած առաջին մրցումին ճակատեցաւ Իրաքի դէմ, 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Նշենք, որ զտումի այս մրցումներուն բացման մրցումին Քուէյթ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած է:

Վաղը Լիբանան Քաթարի դէմ կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )