ԹՐԻՓՈԼԻԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՀՍԿԱՅ ԱԼԻՔ ՄԸ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ բանակը զինուորական եւ ապահովական իր միջոցառումները որդեգրած է Թրիփոլիի Ժապալ Մըհսեն ու Պապ Թըպպանէ շրջաններուն մէջ եւ հակակշիռի տակ կրցած է առնել տիրող ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ անցարգելներ զետեղած է հետեւելու համար շրջանին ապահովութեան եւ վերջ տալու համար այդ թաղամասերուն մէջ տիրող զինեալ երեւոյթներուն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վերոնշեալ միջադէպերուն ընթացքին զոհուած նահատակներուն արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի` աւելցնելով, որ բանակը խիստ կեցուածքներով պիտի վարուի օրինազանցներուն եւ խուլիկաններուն հետ:

Բանակի հաղորդագրութիւնը փակուեցաւ կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն հետեւելու բանակին ցուցմունքներուն եւ դասաւորումներուն, որոնք կը միտին պահպանել քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

Այս ծիրին մէջ «Նահար» օրաթերթը նշեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ բանակը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ պիտի ըլլայ 3-6 ամսուան ընթացքին` զսպել կարենալու համար օրինազանցութիւնները:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ լիբանանցիները Մարտ 14-ի կամ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ բաժնուած պէտք չէ ըլլան, այլ` անոնք պէտք է սիրեն իրենց երկիրն ու հաստատութիւնները եւ պահպանեն օրէնքն ու կանոնը:

Շարպել շեշտեց, որ իրենք երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածեն բոլոր անոնց, որոնք կը միտին խախտել երկրին ապահովական կայունութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ Թրիփոլիի միջադէպը վերջ գտած է` աւելցնելով, որ իր կարծիքով, ապահովական իրարանցումներ նախատեսուած չեն:

Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ է եւ ոչ մէկ ձեւով բարեացակամ պիտի գտնուի ապահովութեան խախտումներուն հետ` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի արիւնալի բախումները կազմակերպող կողմերը պիտի պատժուին, որովհետեւ անոնք խախտած են քաղաքացիական անվտանգութիւնը, որ երկրին ապահովական կայունութեան կը պատկանի:

Ղոսըն կոչ ուղղեց մարելու համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններուն կրակը` նշելով, որ եթէ անիկա բռնկի, ապա անոր բոցերը պիտի տարածուին ոչ միայն Թրիփոլիի, այլեւ` լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ եւս:

Թրիփոլիի միջադէպին մասին պետական նախարար Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութեան մէջ Թրիփոլին ներկայացնող 5 նախարարներու գոյութիւնը արժէքաւոր նուէր մըն է Թրիփոլիին` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին արարքները կարելի չէ ժողովրդավարութիւն նկատել, որովհետեւ անոնք վերածուած են քաոսային «նախաձեռնութիւն»ներու:

Զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, անդրադառնալով Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի իրադարձութիւններուն, յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական խախտումներուն իրականութիւնը պէտք է արմատէն լուծել եւ շրջանը վերածել կայուն շրջանի մը:

Ապպուտ նկատել տուաւ, որ Թրիփոլիի իրադարձութիւնները խստիւ մերժելի են:

Ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ Թրիփոլիի արիւնալի բախումները կառավարութեան կազմութեան հակազդեցութիւն կը նկատուին` աւելցնելով, որ այդ միջադէպերը երբեք տրամաբանական չեն, յատկապէս այն պատճառով, որ անոնք նախաձեռնուած են իրենց յարգանքը վայելող ուժերուն կողմէ:

Սաֆատի կոչ ուղղեց վերջ տալու համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ հրահրելու երեւոյթներուն` շեշտելով, որ ինք կը հաւատայ, թէ բանակը խիստ հարուածներ պիտի հասցնէ անոնց, որոնք կը փափաքին խախտել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Պետական նախարար Ահմետ Քարամէ ողջունեց Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումը` նկատել տալով, որ բանակը իր հակակշիռը բանեցուցած է երկրին մէջ:

Քարամէ նկատել տուաւ, որ Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ այս հարցերը մնայուն կերպով կան` շեշտելով, որ այդ հարցերը արմատէն պէտք է լուծել:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով: Ան շեշտեց, որ պետութեան առաքելութիւնն է վերջ տալ նման արիւնալի բախումներուն եւ առաջքը առնել սադրանքներուն:

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ նշեց, որ Թրիփոլիի արիւնալի բախումները հակազդեցութիւն են կառավարութեան կազմութեան:

Ան կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ զինուորական գերագոյն ատեանին` հաշուետուութեան կանչելու բոլոր այն երեսփոխանները, որոնք իրենց յայտարարութիւններուն ընդմէջէն յարձակած են բանակին դէմ:

Պաաս կուսակցութեան Լիբանանի քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր դիտել տուաւ, որ Թրիփոլիի բախումները` հրահրուած Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ` կառավարութեան կազմութեան իբրեւ հետեւանք ջղային քայքայում ունեցողներու ջղագրգիռ հակազդեցութիւններ են: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը համազօր է այն յայտարարութեան, թէ փտածութեան ու աւազակութեան կայսրութիւնը, ինչպէս նաեւ արտաքին յանձնառութիւններուն պարտաւորութիւնը փլուզումի ենթարկուած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES