«Օպամա-Քասթրօ Ձեռքսեղմումը Անցողակի Դէպք Է Եւ Անոր Մէջ Որեւէ Իմաստ Պէտք Չէ Փնտռել» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Ben RhodesՄիացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան խորհրդատուի տեղակալ Պեն Ռոտզ յայտարարեց, որ Նելսըն Մանտելայի յուղարկաւորութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Քուպայի ղեկավար Ռաուլ Քասթրոյի միջեւ ձեռքսեղմումը անցողակի դէպք մըն է, որ կենցաղավարութենէ բացի այլ իմաստներ չունի, եւ Աֆղանիստանի նախագահ Համետ Քարզայի հետ եւս Օպամայի հանդիպումը նոյնպիսին էր:

Ռոտզ Օպամայի հետ Միացեալ Նահանգներ վերադարձող լրագրողներուն յայտնեց, որ «նախագահին քայլերուն մէջ անոր յայտարարութիւններէն բացի նախապէս պատրաստուած բան մը գոյութիւն չունէր»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )