Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուեցաւ
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ին, ընդիմադիր զինեալներ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ կէսօրէ ետք տասնեակ մը հրասանդի հրթիռներ նետեցին Հալէպ քաղաքի կեդրոնը` Մունշիէ, Ապպարա եւ Պուսթան Քըլափ շրջանները: Հրասանդի հրթիռներու պայթումներուն պատճառով զոհուեցան 5 քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 70 հոգիներ:
Զոհերու կարգին էր նաեւ 62 տարեկան հայ Նազարէթ Տրէժեան: Նազարէթ Տրէժեան զոհուեցաւ կէսօրէ ետք` գործատեղիէն տուն վերադարձին: