Սուրիացի Գաղթականներուն Օժանդակութեանց Յանձնումին Առիթով`. «Սուրիոյ Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Քաղաքական Ճիգերով» Յայտարարեց Ռուսիոյ Դեսպանը
«Շրջանի, յատկապէս Սուրիոյ տագնապը պէտք է լուծել քաղաքական ճիգերով», յայտարարեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանդր Զասպիքին երէկ, սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուող 45 թոն տարողութեամբ ռուսական օժանդակութեանց յանձնումի պահուն: Զասպիքին նաեւ կոչ ուղղեց լուծում մը գտնելու սուրիացի գաղթականներու հարցին:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ դեսպանը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ քաղաքական հանդիպումի մը աւարտին կոչ ուղղեց լիբանանեան հրատապ հարցերը լուծելու` հիմնուելով սահմանադրական տրամադրութեանց վրայ:
CATEGORIES Լիբանանեան