Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով`. Պասիլ Անդրադարձաւ Ելեկտրական Հոսանքի Հայթայթումը Արագացնող Նոր Սարքերուն

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը
Ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիսով մը անդրադարձաւ ելեկտրական նոր սարքերու եւ կազմածներու զետեղման, ինչ որ պիտի նուազեցնէ ելեկտրական հոսանքի ընդհատումի ժամերը:
Միւս կողմէ, Պասիլ անդրադարձաւ Մանսուրիէի մէջ ելեկտրական հոսանքի ընդհատման` նշելով, որ եթէ ատենին ընդունուէր այս գծով իր առաջարկած ծրագիրը, այսօր Մանսուրիէի բնակիչները ելեկտրական հոսանքի ընդհատումէ պիտի չտառապէին: «Աւելի՛ն. անոնք ելեկտրական յաւելեալ հոսանք ստանալու կարելիութիւն պիտի ունենային», ընդգծեց Պասիլ:
CATEGORIES Լիբանանեան