Հանրային Կառուցողական Ապահովութեան Նախանձախնդրութեամբ. «Պատրաստ Պեթոնի Իւրաքանչիւր Սարքի Համար Ճարտարագէտ Մը Պիտի Տրամադրուի» Յայտարարեց Վրէժ Սապունճեան

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Շինարարութեան մարզի, յատկապէս շէնքերու կառուցման համար օգտագործուող պատրաստ պեթոնի սարքերը արդիւնաւորելու համար, իւրաքանչիւր պեթոնի սարքին համար ճարտարագէտ մը պիտի տրամադրուի, ըստ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի: Արդարեւ, 1/121 թուակիր որոշում մը հրապարակելով` Սապունճեան մամլոյ ասուլիս մը տուաւ երէկ, ներկայութեամբ ճարտարարուեստի, շինարարութեան, պեթոնի, «Լեպնոր»-ի եւ առնչակից մարզերու ներկայացուցիչներուն:

Հանրային ապահովութեան նախանձախնդրութեամբ սկսած Սապունճեանի այս նախաձեռնութիւնը արժանացաւ պատկան եւ առնչակից մարզերու պատասխանատուներու գնահատանքին: Այս գծով Պէյրութի ճարտարագէտներու սենտիքայի նախագահ Էլի Պասպուս եւ պատրաստ պեթոնի արտադրութեան ընկերակցութեան նախագահ Ֆերիտ Զղէյպ անջատաբար խօսք առնելով` բարձր գնահատեցին նախարար Սապունճեանի այս որոշումը, որ իր դրական ու կարեւոր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկրի շինարարական մարզին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )