Ռումիէի Բանտին Մէջ Բարեկարգչական Նախաձեռնութեամբ. Այսօր Կը Սկսին Շաբաթական Հերթականութեամբ Կրկնուելիք Խիստ Խուզարկութիւնները

Քըրթպաուի եւ Շարպել կը շրջին Ռումիէի մէջ

Քըրթպաուի եւ Շարպել կը շրջին Ռումիէի մէջ

Երկար ատենէ ի վեր քննադատութեանց թիրախ դարձած Ռումիէի բանտին բարեկարգչական պահանջները ի վերջոյ յանգեցան ականջալուր պատասխանատուներու «հոգածութեան»: Արդարեւ, արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարներու պաշտօնակատարներ Շեքիպ Քըրթպաուի եւ Մարուան Շարպել, ընկերակցութեամբ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներու, երէկ շրջեցան Ռումիէի բանտին զանազան բաժանմունքներուն մէջ: Աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ լսելով օտար, իսլամական թէ այլ բանտարկեալներու «ցանկագրուած» պահանջները` Քըրթպաուի եւ Շարպել խոստացան ձեռնարկել լուծման հանգրուանային քայլերու: Մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տալով` անոնք շեշտեցին բարեկարգչական միջոցառումներու կիրարկումը, որ սակայն «մէկ կոճակ»-ով չ՛իրականանար: Մարուան Շարպել յայտնեց, թէ այսօրուընէ սկսեալ, շաբաթական հերթականութեամբ կրկնուող խիստ խուզարկութիւններ պիտի կատարուին եւ յանցագործներն ու (գէթ բանտի ներքին օրէնքները խախտող կամ շրջանցող) օրինազանց «առանձնաշնորհեալ» բանտարկեալները հաշուետուութեան պիտի կանչուին:

Իր կարգին, Շեքիպ Քըրթպաուի ընդգծեց, որ բանտախուցերը խիստ խճողուած են: Ան խոստացաւ ճիգ թափել արագացնելու դատական նիստերու կայացման թափը եւ ձեռնարկել արծարծուած հարցերու լուծման: Նմանապէս, խոստում եղաւ համաներում շնորհելու «Աստուծոյ կողմէ մահուան դատապարտուած» քաղցկեղի թէ ՍԻՏԱ-ի ախտերով վարակուած ու մահավճիռ ստացած բանտարկեալներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )