ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՇԵՇՏէ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ՅԱՏԿԱՆԻՇԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Հատի Հպէյշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանին այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Ռայա Հաֆֆար, Հասան Մնայմնէ եւ Ֆայեզ Շքըր, որոնք շնորհաւորեցին նախագահ Սլէյմանը` կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ Թրիփոլիի բախումները արագ կերպով հակակշիռի տակ առնելը եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելը ցոյց կու տան, որ կառավարութիւնը մեծ կարողութիւն ունի երկրին ապահովութիւնը պահպանելու:
Նախագահ Սլէյման նշեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը կը պահպանուի քաղաքական ուժերուն կողմէ:
Ակնարկելով կառավարութեան կազմին` հանրապետութեան նախագահը նկատել տուաւ, որ կառավարութեան այս կազմը նորութիւն է Լիբանանի համար` աւելցնելով, որ կարելի է յաջողութիւն արձանագրել այդ կազմով, «որովհետեւ հակառակ այն իրականութեան, որ կառավարութիւնը ազգային միասնականութեան կառավարութիւն չէ, սակայն անոր մէջ կայ որոշ հաւասարակշռութիւն մը եւ չափաւորականութիւն մը, ինչ որ կրնայ արդիւնք տալ», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման աւելցուց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ այդ կառավարութեան մաս կազմելու մերժումն է, որ զիրենք հասցուցած է այդ վիճակին` նկատել տալով, որ իր եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ գժտութիւն չկայ:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ կառավարութիւնը վրէժխնդիր մօտեցում պիտի չցուցաբերէ, «սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ կառավարութիւնը հաշուետուութիւն պիտի չպահանջէ»:
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին Սուրիա չէ մասնակցած` աւելցնելով, որ քաղաքական ուժերուն գոյացուցած հաւասարակշռութիւնն է, որ պարտադրած է կառավարութեան այդ կազմը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Ազգային երկխօսութեան նիստերը վերակենդանացնելու նպատակով: