Ազատ Բեմ – Տեսակէտ. Ապահարզան Եւ Մասամբ Նորին.
ԱՔԱՍԻԱ
«Աշխարհի ցաւով հիւանդ է հոգիս»
Մ. ԻՇԽԱՆ
Աշխարհը տխուր, կը նայի մարդուն, թէ ինչ փորձանքներ բերաւ իր գլխուն: Զարմացած մարդը, ինքն ալ շուարած, ախտն իր վարակիչ կը սփռէ չորս դին: Բարին զարմացած սարսափը սրտին, թէ վարակն արդեօք հասա՞ծ է իրեն:
Աղջիկներ սիրուն, հայու աղջիկներ, բարի եղէք եւ խնայեցէք ձեր գեղեցկութեան, ձեր ուժին, կամքին, թէ ստեղծուած էք ըլլալու մայրեր գալիք սերունդին:
***
– Մամա, ինչո՞ւ պապան տուն չի գար,- կը հարցնէ Յակոբիկ մօրը:
– Պապան չար է, մեզ չի սիրեր, թող չգայ:
– Բայց ես պապան կարօտցայ, ան չար չէ, մեզի փայլուն օթօ բերաւ, դուն կը պտտիս, ես պապային կարօտցայ, հեռաձայնէ իրեն, նոր հեռաձայն բերած էր քեզի: Պապան շատ դրամ ունի, ինծի խաղալիք կը բերէր:
– Հիմա դպրոց պիտի երթաս, յետոյ ես քեզ պտոյտի պիտի տանիմ:
***
Երիտասարդ մայրը կը լռեցնէ հինգ տարեկան մանչուկը, զայն կը յանձնէ դրան առջեւ հասած դպրոցական հանրակառքին, յետոյ կը պատրաստուի երթալու տեղ մը, որուն հասցէն միայն ինք գիտէ: Նախքան դուրս ելլելը` կը հեռաձայնէ իր ամուսինին, որուն հետ կապը խզած է, եւ հարցը արդէն առաջնորդարանի օրակարգին վրայ է:
– Գօգօ` դրամի պէտք ունիմ: 5000 տոլար ղրկէ…
– Ամսական հինգ հազար տոլարը չի՞ բաւեր անձնական ծախսերուդ: Յակոբիկին դպրոցի կրթաթոշակը վճարած եմ, անոր վերաբերեալ ծախսերն ալ տուած եմ, յետոյ ի՞նչ…
– Օթոն պիտի փոխեմ, ճիփ պիտի գնեմ…
– Բայց քու «Մերսետես»-դ նոր է դեռ, ինչո՞ւ պիտի փոխես…
– Աքսիտան ըրի…
– Չեմ հաւատար, ինքնաշարժդ Ժըպրանին ձեռքն է, քանի անգամ տեսայ զինք քու ինքնաշարժիդ մէջ, կը թուի, թէ անոր նուիրած ես…
– Այո, նուիրեցի, ամօ՞թ է…
– Քեզի քանի անգամ ըսի, որ այդ պնակալէզէն հեռացիր, զիս մտիկ չըրիր, քանի՞ անգամ պիտի ներեմ քեզի… Վաղը Առաջնորդարան եկուր, Դատաստանական խորհուրդի նիստին պիտի ներկայանանք:
– Ես քեզ չեմ սիրեր, հոն չեմ գար, Ժըպրանը լաւ տղայ է, Յակոբիկը կը խենթենայ վրան… ամմօ, ամմօ կ՛ըսէ եւ հետը պտոյտի կը տանի:
***
Աշխա՞րհը փոխուած է, թէ՞ մենք Չարը կը փնտռենք, առանց անդրադառնալու, թէ չարը մենք ենք, մեր հոգիին տիրապետած ախտն է:
Համառօտ քանի մը խօսքով ներկայացուցինք հայ ընտանիքի մը նոր բոյնին քանդումը: Միակ երեւոյթը չէ այս, այլ դարձած է համայնական: Ընդհանրապէս կիներն են հարցեր ստեղծողները: Այս պարագային չենք կրնար երեւոյթը ընդհանրացնել մեր բոլոր երիտասարդ աղջիկները, նորահարսերը նոյն մակարդակին դասելով: Մեր տագնապը երեւոյթին բազմանալն է, վկայ մեր Ազգային առաջնորդարանին մէջ կուտակուած ապահարզանի դատերը…
Մեր մատնանշած նորակազմ ընտանիքը դրամի, նիւթական տագնապ չունի: Երիտասարդ ամուսինը աշխատասէր է եւ պարկեշտ: Կինը սիրահարած էր իրեն, առաւելաբար` երիտասարդին հարստութեան: Պսակի խորհուրդի պահուն քահանային հարցումներուն պատասխանած է սիրով.
– Օրիորդ, այս երիտասարդին ձեռքէն բռնած ես իբրեւ արտայայտութիւն հաւատարմութեան, բայց լաւ գիտցիր, թէ կեանքի մէջ կայ դժբախտութիւն, աղքատութիւն, հիւանդութիւն եւ այլ նեղութիւններ, հաւատարիմ եւ հնազա՞նդ ես…
– Այո՛…
Այս «Այո»-ները շուտով կը ցնդին, հարստութիւնը կը դառնայ թշնամի: Երիտասարդ կնոջ շուրջը դարձողներ կան, բայց եթէ ուղեղը իմաստութիւն չի ներշնչեր…:
* * *
Այլ պարագայի մէջ պատահած ամուսնալուծման աղէտը դրամի պակասն է: Հազիւ քանի մը տարի կենակցութիւն` կը ծնի զաւակ մը եւ շուտով անհամ վէճը…
– Եթէ դրամ չունէիր, ինչո՞ւ հետս ամուսնացար:
– Ես դրամ ունէի, գործազուրկ եմ հիմա, պիտի համբերենք:
– Ես չեմ կրնար համբերել… մօրս տունը կ՛երթամ:
– Բայց պսակին օրը տէր հօր հարցումներուն «հնազանդ եմ ըսիր…»:
– Հապա ո՞չ ըսէի, խե՛լքդ գործածէ…
– Բայց սիրահարած էիր ինծի, նոյն տեղը կ՛աշխատէինք, ծնողքիս հակառակեցայ եւ մեղքցայ քեզի, փրկեցի խեղճ ու լկտի ընտանիքէդ:
– Այն ատեն կը սիրէի, հիմա չեմ սիրեր…
* * *
Մեր արձանագրած պատկերները հեքիաթ չեն, իրականութիւն եւ ճշմարտութիւն` մեր աչքերուն առջեւ: 15, 20 եւ աւելի տարիներ առաջ ապահարզանի հարցեր քիչ կը պատահէին, ընդհանրապէս անբուժելի հիւանդութիւններու եւ փաստուած հատուկենտ անհաւատարմութեան պատճառներով: Այսօր երեւոյթը մեծաքանակ է: Երիտասարդները կը վախնան ընտանիք կազմելէ: Ֆեմինիզմ կոչուած ազատագրութեան պայքարը, կինը այր մարդուն հետ հաւասարութեան հարց ստեղծեց, խախտեց մեր հայկական աւանդապահութիւնը: Միւս կողմէ` նոր գիտութիւնը համացանցի եւ այլ անտեղի հարցեր:
Այրերը սուրբեր չեն անշուշտ, անսխալ մարդ չկայ, այս պարագային մեր ակնարկը կ՛երթայ հայ կնոջ, հայ մօր, հայ ընտանիքին պատիւը պահպանելու, իր խոնարհութիւնը արտայայտելու եւ ոչ` մրցակցելու այր մարդուն հետ, «հաւասարութեան» վարկածը հրապարակ նետելով:
Ո՞ւր մնաց հայ ընտանիքին սրբութիւնը, որ ուխտ էր միայն…
Ունինք Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդ, որ հիմնուած է շատ հին օրէնսդրական հիմքի վրայ, կը պահանջէ փոփոխութիւն, մեր օրերու չարացած, ախտավարկ ընտանիքներու եւ երիտասարդութեան նորոգեալ ուղեցոյց կատարելու համար:
Ի՞նչ պէտք է ըսել այն մանուկներուն, որոնք պաշտօնական որբեր են, օր մը մօրը քով, օր մը հօրը քով` իբրեւ օրէնք: Անոնք կ՛ապրին իբրեւ «մանկութիւն չունեցող»-ներ, հիւանդ հոգիով, հոգեբուժներու դարմանումին յանձնուած, ջղագար եւ կարօտաբաղձ: Գացէք «Թռչնոց բոյն», ուր այս սեւ պատկերը ամբողջական է…:

