Ուորլիք Կոչ Կ՛ուղղէ Խաղաղութեան Եզրեր Գտնելու

Ճէյմս Ուորլիք
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած է խաղաղութեան եզրեր գտնելու:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ դեսպան Ուորլիք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ «կողմերը պէտք է կեդրոնանան խաղաղութեան եզրեր գտնելու վրայ: Լարուածութիւնը ոչ ոքի շահերէն կը բխի»:
24 յունուարին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Ատոր իբրեւ արդիւնք տարածուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) կը ծրագրեն յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին այցելել շրջան` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ շարունակելու բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ:
Անոնք յայտարարութեամբ կողմերուն նաեւ կոչ ուղղած են անվերապահ եւ լիարժէք կերպով պահպանելու զինադադարի համաձայնագիրը: