Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Ազատութիւնը, Հաւասարութիւնը, Գործակցութիւնը Եւ Բազմազանութեան Պահպանումը Պետութեան Կազմութեան Սկզբունքներն Են»

Եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն պահ մը

Եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու սահմանադրական ժամկէտները յարգելու կարելիութիւնները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդաց Ռայի պատրիարքը, որ շեշտեց, թէ Լիբանան կը գտնուի նախագահական նոր նստաշրջանի մը սեմին, ինչպէս նաեւ կ՛ապրի մտահոգիչ հանգրուան մը` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապին պատճառով կը վտանգուի ապահովական կայունութիւնը:

«Մարոնի եկեղեցին, հիմնուելով ազգային իր դերակատարութեան վրայ, ձեռնածալ չի կրնար մնալ ի տես այս կացութեան, հետեւաբար ան հրապարակեց ազգային այս փաստաթուղթը` ընդգծելու համար լիբանանեան սկզբունքները եւ ճշդելու համար Լիբանանի առաջնահերթութիւնները», ըսաւ ան:

Պքերքէի ազգային փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է Լիբանանի ազգային համերաշխութիւնն ու ազգային գոյակցութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ պէտք է յարգել Լիբանանի իւրայատկութիւնները, որոնք կը նկատուին լիբանանեան էութեան սիրտը:

«Ազատութիւնը, հաւասարութիւնը, գործակցութիւնն ու բազմազանութեան պահպանումը պետութեան կազմութեան սկզբունքներն են», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին մարմնաւորելու լիբանանեան Ազգային ուխտին իմաստութիւնը, որովհետեւ երկրին վարչակարգը փաստած է, թէ Լիբանան կրնայ գոյատեւել միայն իր իսլամ եւ քրիստոնեայ թեւերով:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է գործադրել «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, Լիբանանը շրջանային տագնապներէն չէզոք պահել եւ ամբողջացնել Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը, որուն շնորհիւ Լիբանան կրնայ ազատագրել իր բռնագրաւուած հողերը եւ պաշտպանել իր սահմանները:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութեան գոյութեան նախապայմանն է նախագահի ընտրութիւնը, եւ առանց անոր Լիբանանը ապագայ չունի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )