Նախագահ Սլէյման Սալամի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 7:30-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութիւնը կազմելու ջանքերուն մանրամասնութիւնները:

Սալամի մօտիկ աղբիւրներ անհաւանական նկատեցին Սալամի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այսօր նոր դահլիճ մը յայտարարուի:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման առաւօտեան ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Միւս կողմէ, շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ կառավարութիւնը մինչեւ յառաջիկայ ուրբաթ օր պիտի յայտարարուի` ակնարկելով կատարուած իրողութեան կառավարական կազմի մը:

Ի տես այս տեղեկութիւններուն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ Մարտ 8-ի ուժերը միասնական կեցուածքով պիտի ներկայանան որեւէ կառավարութեան պարագային:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, որ նախագահին ներկայացուց իր ստանձնած կարգ մը թղթածրարներուն վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )