ԹՄՐԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ԹՄՐԱՄՈԼԻՆ ԿԱՄՔՆ ՈՒ ԲՈՒԺՈՒԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՈՐ ԿԸ ՓՐԿԷ ԶԱՅՆ. ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽԱՐԻՍԽՆ Է» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Յակոբ Լատոյեան

Մարդ արարածը հարուածող, զայն ամբողջովին տկարացնող, էութիւնը քայքայող, կեանքը փճացնող թմրեցուցիչը այսօրուան մեծագոյն մտահոգութիւններէն մէկն է, յատկապէս այն իմաստով, որ անիկա կ՛ոչնչացնէ երիտասարդութիւնը` ապագան մարդկութեան:

26 յունիսը թմրամոլութեան միջազգային օր է. այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց ունեցաւ «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ պայքարի կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանին հետ, որ յատուկ կերպով անդրադարձաւ թմրեցուցիչի մեծ վտանգներուն, թմրամոլութեան ճիրաններուն մէջ ինկածներուն դաժան ճակատագիրին եւ յատկապէս անոր դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան, որպէսզի փրկուին երիտասարդները, որոնք ապագան կը ներկայացնեն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

«ԱԶԴԱԿ».- Ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցէ՛ք «Հորիզոն» թմրամոլութեան գրասենեակին պատմականը:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ.- «Հորիզոն» գրասենեակին անհրաժեշտութեան գաղափարը յառաջացաւ 2004-ին, երբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի հովանաւորութեամբ գաղութի բոլոր բարեսիրական միութիւնները հաւաքուեցան, եւ այս երեւոյթը իբրեւ մտահոգոթիւն դրուեցաւ, եւ համապատասխան քայլերու դիմելու մասին մտածելու առիթ ստեղծուեցաւ: Ասոր յաջորդեց 2005-ին ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեամբ սեմինար մը, որուն հրաւիրուած էին դպրոցի տնօրէններն ալ. արծարծուած գաղափարը այն էր, որ մինչեւ 2005 թուական գոյութիւն ունէին բարեսիրական տարբեր միութիւններ, որոնց մէջ  գտնուող ընկերային ծառայողները պարբերաբար թմրամոլ պարագաներ կ՛ընդունէին հաւանաբար կարիք  կար համադրում մը կատարելու: Այնուհետեւ 2006-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով պետութեան մօտ պաշտօնապէս արձանագրուած բարեսիրական եւ թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակ մը հիմնելու արտօնութիւնը առնուեցաւ եւ 2006-ի յունիսին «Հորիզոն» գրասենեակը բացուեցաւ «Արին» կեդրոնին մէջ: Նշեմ, որ գրասենեակը ունի հիմնական երեք աշխատանք: Առաջինը այն է, որ կեդրոնը պէտք է ծրագրէ նախազգուշական արշաւի, որ արդէն ինքնիր մէջ կը բաղկանայ քանի մը մասերէ` լրատուական, լսատեսողական, քարոզչական, թռուցիկի պատրաստութիւն, մամուլի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի ճամբով գործունէութիւն: Երկրորդը առողջապահական բաժինն է: Այսինքն` հիւանդանոցներու հետ համակարգումը, որպէսզի թմրամոլ պարագաները հոն ուղղենք, եւ ստանան պէտք եղած հոգատարութիւնը` հոգեբուժի կամ հոգեբանի հետ հանդիպումներ, ցուցմունքներ, թմրեցուցիչի ազդեցութեան նուազեցում, չէզոքացում իրենց մարմիններէն եւ այլն: Երրորդը այն է, որ գրասենեակը պիտի հետապնդէ իրենց օրինական եւ ընկերային հարցերը: Այսինքն` եթէ անհատը բանտ մտաւ կամ դատական հարցեր ունեցաւ եւ կամ ընտանեկան զանազան հարցեր ունեցաւ, գրասենեակը պիտի ուղղէ եւ օգտակար դառնայ անոնց:

«Ա.».- Խօսեցէ՛ք «Հորիզոն» գրասենեակի գործունէութեան եւ ներկայի աշխատանքներուն մասին:

Յ. Լ.- 2006-2010 երկարող չորս տարիներու փորձառութենէն մեկնելով յայտնեմ, որ հիմնականօրէն մենք` իբրեւ գրասենեակ, կեդրոնացանք կազդուրման կեդրոններու հետ յարաբերութիւնները մշակելու, որոնցմէ են` Ժատը, Ըմ էլ Նուրը, Ժի. Սէ. Տէ.ն: Այս երեքը միասին ամբողջ Լիբանանի մակարդակով միայն 100-120 անդամ կրնան ընդունիլ: Ներկայիս այս թիւին մաս կը կազմեն 16 հայ:

Ժամանակի ընթացքին մեր փորձառութենէն մեկնելով սկսանք զգալ, որ պահանջ կայ մեզի յատուկ կազդուրման կեդրոնը ունենալու, իսկ այս մէկը իրականացնելու համար նիւթական մեծ ներդրումի կարիքը կայ, ինչպէս նաեւ պէտք է լաւ ուսումնասիրուած ըլլայ ամէն ինչ եւ մանաւանդ հետեւողական ըլլայ:

Անցնող տարիներուն մենք կեդրոնացանք նախազգուշական արշաւին վրայ: Միջազգայնօրէն, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ ընդունուած է, որ կազդուրման կեդրոնները ճիշդ է, որ մարդիկը կը բուժեն, սակայն պէտք է լուսարձակը աւելիով դնել նախազգուշական արշաւին վրայ, որպէսզի առաւելագոյն չափով նուազ զոհեր ըլլան: Ուրեմն, այս նախազգուշական արշաւին համար մենք ամէն տարի դպրոցներուն մէջ կանոնաւոր կերպով ե՛ւ միջնակարգ, ե՛ւ երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն համար պրոշիւրներ կը պատրաստենք, կը կազմակերպենք դասախօսութիւններ, սեմինարներ կ՛իրագործենք ե՛ւ աշակերտական, ե՛ւ ուսուցչական: Այս տարի տեղի ունեցան նաեւ ծնողներու հետ հանդիպումներ, եւ կատարեցինք սեմինար մը, որ յատկապէս հասցէագրուած էր միութիւններու պատասխանատուներուն, որոնց վստահուած են բազմաթիւ պատանիներ, սկաուտներ, երիտասարդներ: Սեմինարին նպատակն էր մասնակիցներուն ուսուցանել, թէ այս նիւթին ինչպէ՞ս պիտի մօտենան եւ այսպիսով կարենան նախազգուշացնել իրենց շուրջինները:

Պէտք է ըսել, որ «Հորիզոն»ը ունի իր ելեկտրոնային հասցէն, 15-է աւելի պրոշիւրներ: Բոլոր միութիւններուն ընկերային ծառայողները, դպրոցները անխտիր անվերապահօրէն կը գործակցին մեզի հետ: «Հորիզոն» գրասենեակը այլեւս դարձած է զուտ մասնագիտական թմրամոլութեան գրասենեակ, որովհետեւ նախապէս Ճինիշեանը, Գարակէօզեանը, ԼՕԽ-ը, Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան եւ Աւետարանական ընկերային ծառայութեան գրասենեակները եթէ հանդիպէին թմրամոլ պարագաներու, իրենք կը հետապնդէին անոնց վիճակը, բայց վերջերս այդ պարագաները մեզի կ՛ուղղեն եւ մենք կը հոգանք անոնց:

Այս տարի մեզի համար շատ ուշագրաւ էր կարգ մը երիտասարդներու ոգելիցի եւ ծխախոտի մոլութեան ակներեւ երեւոյթը, որովհետեւ ծխախոտը կը հանդիսանայ թմրամոլութեան նախաբանը: Ինչպէս գիտենք երիտասարդները երբ ինքնավստահ կ՛ըլլան կ՛ուզեն փորձել բան մը, բայց ետքը անոր զոհը կը դառնան: Այս պատճառով մենք կարգ մը վարժարաններու մէջ ծխախոտի դէմ արշաւի աշխատանքներ տարինք, ունեցանք 8-է աւելի գինեմոլ պարագաներ, որ նոր երեւոյթ է, բայց դժբախտաբար սկսած է շատնալ: Ուրեմն, այստեղէն մեկնելով սկսաւ նոր աշխատանքի մը պահանջքը ստեղծուիլ: Այս բոլորին կողքին հիմնական մեծ մտահոգութիւնը այն է, որ կան թմրամոլ պարագաներ, որոնք կ՛ուզեն բուժուիլ, բայց տեղ չկայ: Այս հարցը մեզի շատ կը նեղացնէ եւ երբեմն գրասենեակին հաշուոյն ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ, բայց իրականութիւնը այն է, որ տեղերը շատ սահմանափակ են, իսկ երիտասարդութեան թիւը շատ է: Այս բոլորը իր ազդեցութիւնը ունի մեր աշխատանքին եւ տիրող իրավիճակին վրայ:

«Ա.».- Խօսեցէ՛ք թմրամոլներուն մասին ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ եւ մասնաւորապէս լիբանանահայ իրականութեան մէջ:

Յ. Լ.- Լիբանանի մէջ թմրամոլութիւնը ակներեւ է քրիստոնեայ երիտասարդութեան քով, մեծ հոսանք կայ: Դժբախտաբար բոլոր մակարդակներու վրայ թմրամոլ երիտասարդներ կան, այսինքն` այնպէս չէ որ այս մոլութիւնը սահմանուած է համեստ դասակարգի զաւակներուն միայն, այլ կան համալսարանականներ, բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրողներ եւ ուրիշներ, որոնք թմրամոլութեան ուղիին մէջ են: Այս բոլորը ի յայտ կը հանեն, որ թմրամոլութեան զոհերը սեռ եւ տարիք չունին: Սակայն այս բոլորէն անկախ ամէնէն գէշը եւ ցաւալին այն է, որ թմրամոլութեան զոհերը դասակարգ չունին, կայ` հարուստը, աղքատը, միջակը, զարգացածը, տգէտը, ուսեալը, անուսը եւ այլն: Թմրեցուցիչը գործածելու երեւոյթը լուծում կը համարուի այսպիսիներուն համար եւ լաւագոյն միջոցը իրենց զանազան տեսակի դժուարութիւնները փարատելու:

Մենք կը մասնակցինք զանազան սեմինարներու եւ անոնց ճամբով կը նկատենք ու կը հաւատանք, որ դժբախտաբար այսօրուան մեր ընտանիքներուն մէջ կայ հաղորդակցութեան պակասը: Ընտանիքի  մը մէջ իւրաքանչիւր զաւակ ունի իր անձնական համակարգիչը, պատկերասփիւռը եւ ասիկա պատճառ կը հանդիսանայ, որ ընտանիքներու մէջ նուազի հաղորդակցութեան մթնոլորտը, ծնողք-զաւակ յարաբերութեան եւ հետաքրքրութեան չգոյութիւն նկատուի: Օրինակ, երբ զաւակ մը գրաւորի մը նիշ բերէ եւ ծնողները չգնահատեն եւ կամ քննադատեն անոր ձեռք բերած արդիւնքը, արդէն իսկ բնականաբար բացթողում մը կը ստեղծուի, եւ այդ տղան կամ աղջիկը կը սկսի իր հարցերը կա՛մ առանձին լուծել եւ կամ ընկերներուն դիմելով սխալ ուղղութիւններ ստանալ ու մտահոգիչ վիճակի հասնիլ: Հետեւաբար, հաղորդակցութիւնը, կապը մօտէն հետեւիլը բաւական բան կը խնայէ ընտանիքներու եւ կը կանխարգիլէ զաւակներ զոհերու վիճակին մէջ տեսնելը, մանաւանդ թմրեցուցիչի հարցին մէջ: Մենք ունեցած ենք պարագաներ, որոնց ծնողները եկած ու բացատրած են իրենց զաւակներուն վիճակը, եւ երբ մենք հարց տուած ենք իրենց, որ չէի՞ր զգար, որ զաւակդ երկար ժամանակէ ի վեր գիշերները կը լուսցնէ համակարգիչին վրայ կամ պատկերասփիւռ դիտելով, դրական եղած է անոնց պատասխանը: Իսկ մեր յաջորդ հարցումը կ՛ըլլար այն, որ չէի՞ն մտահոգուեր իբրեւ ծնողք զաւակը այս տարօրինակ վիճակին մէջ տեսնելով, չէի՞ն տեսներ անոր ծակծկուած ձեռքերը` ասեղներու պատճառով, չէի՞ն նկատեր, որ ամրան իսկ զաւակը երկար թեւով պլուզներ կը հագուի, անոր սեւցած կոպերը չէի՞ն նկատեր: Այս բոլորը բացայայտ են, պէտք է ուշադիր ըլլալ քիչ մը: Ուրեմն, ծնողները պէտք է քիչ մը պատասխանատուութեամբ եւ մօտէն հետապնդեն իրենց զաւակները եւ այդպիսով արդէն իսկ շատ բան կրնան կանխած ըլլալ: Հարցին միւս բաժինը այն է, որ մենք մեր շրջապատին մէջ պէտք է կարելի եղածին չափ մեր երիտասարդներուն համար ստեղծենք օգտաշատ զբաղումի վայրեր: Այս իմաստով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի թելադրանքով ԱՖՀԻԼ-ը իր մարզանքի կեդրոնները բացաւ, որպէսզի առաւելագոյն չափով մեր երիտասարդութիւնը գրաւէ առողջ մթնոլորտի մէջ եւ հեռու պահէ  անոնցմէ օտար, վատառողջ, գիշերային ոչ լաւ վայրերը եւ գէշ սովորութիւնները: Ծրագրուեցաւ նաեւ, որ թաղերու մէջ մութ անկիւնները լուսաւորուին: ՀՄԸՄ-ի հովանաւորութեամբ բացուեցաւ ֆութպոլի դպրոց: Այս բոլորը երիտասարդութիւնը կը մղէ անուղղակիօրէն եւ կամաց-կամաց դէպի լաւ սովորութիւններու եւ այսպիսով կը կանխարգիլուի թմրամոլութիւնը:

«Ա.».- Ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, որ կը հետեւիք սեմինարներու: Ի՞նչ սեմինարներու կը հետեւիք եւ ինչո՞ւ:

Յ. Լ.- Սեմինարները քանի մը տեսակ են: Ընդհանրապէս համալսարանները եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները կը կազմակերպեն երեք սեմինարներ: Կան միութիւններու` Ըմ էլ Նուր, Ժատ, Ժի. Սէ. Տէ., ինչպէս նաեւ մեր սեմինարները, որոնք կը կազմակերպուին տարին մէկ անգամ եւ ասոնք կ՛իրագործուին, որպէսզի փոխադարձ փորձառութիւններ փոխանակուին իրարու միջեւ: Սեմինարներու ընթացքին ներկայ կ՛ըլլայ թմրամոլ մը եւ կը բացատրէ իր փորձառութիւնը: Այսինքն` ուղղակի ականատեսի մը տուեալներով սեմինարը կ՛ընթանայ, որպէսզի միայն տեսական չըլլայ:

«Ա.».- Թիւերու մասին եթէ խօսինք, քանի՞ հոգի թմրամոլութեան գրասենեակ դիմած է եւ բուժման ենթարկուած է ձեր ճամբով:

Յ. Լ.- Թիւերը թէական են, վերջնական չեն: Երկու խումբ կայ: Մենք ունինք թմրամոլներ եւ ունինք թմրամոլութեան սեմին կանգնած երիտասարդներ: Թմրամոլները, որոնք մեզի դիմած են, տասնեակներով է, բայց թմրամոլութեան սեմին կանգնած երիտասարդութեան թիւը հարիւրներով է: Այս կը նշանակէ, որ մենք զոհ թմրամոլներ ունինք, ինչպէս նաեւ պարբերաբար թմրեցուցիչ գործածողներ, որոնք թմրամոլ չեն:

Պարբերաբար թմրեցուցիչ օգտագործող երիտասարդութեան գծով մտահոգութիւնը շատ մեծ է մեր մօտ, որովհետեւ անոնք 18-22 տարեկան տղաքն են: Անոնք ուրախ կամ տխուր առիթներով եւ զանազան պատճառներով պարբերաբար թմրեցուցիչ կ՛օգտագործեն, բայց մոլի չեն: Այս տղոց գծով մեր մտավախութիւնը 2 տեսակ է: Առաջինը այն է, որ ոեւէ մէկը եթէ պետութեան կողմէ ձերբակալուի, ծեծի տակ կրնայ անուններ տալ եւ ինքը իբրեւ թմրամոլ կրնայ բանտ մտնել եւ պետութեան քով յատուկ իր անունով ատենագրութիւն բացուի. ասիկա իր կեանքին կապուած մտահոգութիւն է: Երկրորդը այն է, որ այն տղաքը, որոնք պարբերաբար թմրեցուցիչ կը գործածեն կը նմանին անդունդին ծայրէն քալողներուն, որոնք կեանքի որեւէ տեսակի ցնցումի ազդեցութեան տակ թմրեցուցիչը պիտի գտնեն իբրեւ լաւագոյն լուծում: Մենք պէտք է աշխատինք, որ նուազեցնենք այս տեսակի տղոց թիւը` ջերմօրէն շրջապատելով զանոնք: Կ՛ուզեմ նշել, որ պարբերաբար թմրեցուցիչ օգտագործող տղոց մէջ երկու տեսակի զոհեր կան: Առաջինը այն է, որ այս տղոցմէ մէկը կրնայ բանտ մտնել եւ ծեծի տակ կրնայ անունը տալ իր կեանքին մէջ ունեցած ընկերոջ մը, որուն հետ ինք անձնապէս լաւ չէ եւ դժբախտաբար պետութիւնը չի գիտեր եղելութիւնը, իրողութիւնը եւ այսպիսով այդ տղան բանտ կը մտնէ, ծեծ կ՛ուտէ, բանտին մէջ թմրեցուցիչ կը բաժնուի եւ կը պարտադրուի բանտարկեալներուն, որ գործածեն եւ ահա ունեցանք երկրորդ տեսակի զոհ մը:

Ընդհանրապէս մամուլը յաճախ հակահայկական, հակապուրճհամուտեան քարոզչութիւն կը կատարէ` ըսելով, որ Պուրճ Համուտի մէջ կը գտնուին մեծ թիւով թմրեցուցիչ օգտագործող երիտասարդներ եւ այլն: Այո՛, իրականութիւն է, որ կայ, սակայն ո՛չ այդ նշուած տարողութեամբ:

Ունինք երկու հիմնական դժուարութիւններ: Մէկը այն է, որ երբեմն մարդիկ կը դիմեն մեզի, սակայն մենք դժուարութեամբ օգտակար կը դառնանք անոնց, որովհետեւ շատ յաճախ կազդուրման կեդրոններուն մէջ տեղ չ՛ըլլար: Իսկ մեր ունեցած միւս հարցը նիւթականն է: Իւրաքանչիւր երիտասարդ, որ հիւանդանոց պիտի մտնէ, որպէսզի անոր մարմնի մէջի թմրեցուցիչի գոյութիւնը չէզոքացուի, 1500 տոլար ծախս կ՛ենթադրէ: Այսօր ընտանիքները դժբախտաբար այս գումարը չունին: Եթէ մենք հիւանդանոց մտցնենք երիտասարդ մը, առանց կազդուրման կեդրոնին մէջ տեղ ապահովելու, երբ հիւանդանոցէն դուրս գայ, յաջորդ օրն իսկ վերստին թմրեցուցիչ գործածելու պիտի սկսի: Այս պատճառով է, որ անհրաժեշտ է, երբ թմրամոլը հիւանդանոցէն ելլէ ուղղակի կազդուրման կեդրոն երթայ: Ասիկա միշտ կը փորձենք բացատրել թմրամոլներու ծնողներուն, սակայն շատ դժուար կ՛ըլլայ անոնց կողմէ ընկալումը եւ իրաւունք ունին: Այսպիսի պարագաներու մենք իբրեւ կազմակերպութիւն այդ 1500 տոլարը մսխած կ՛ըլլանք, հակառակ որ օվըրտոզէն հիւանդանոց մտած պարագաներուն մեր կարելին չենք խնայեր, բայց միւս պարագաներուն պէտք է թմրամոլները իրենք իրենց կամքով որոշ չափով օգտակար դառնան ե՛ւ իրենց անձերուն, ե՛ւ մեզի մինչեւ կազդուրման կեդրոններու մէջ կարենանք տեղ ապահովել:

«Ա.».- Խնդրեմ, որ տաք թմրամոլի մը օրինակը, որ «Հորիզոն» կեդրոն դիմած է: Ի՞նչ էր պարագան: Ի՞նչ վիճակի մէջ էր երբ կեդրոն հասաւ եւ արդեօք ամբողջովին բուժուեցա՞ւ:

Յ. Լ.- Հարցումին վերջին բաժինին պատասխանեմ. բոլորովին բուժուող չ՛ըլլար թմրամոլութեան մէջ: Թմրեցուցիչը կը նմանի ուղեղի մէջ գտնուող լոյսի մը, որ կազդուրման կեդրոնին մէջ եթէ նոյնիսկ մէկ տարի մնայ, այդ լոյսը կը մարի, բայց չի վերցուիր, որեւէ մէկ ցնցումի ժամանակ կրնայ այդ լոյսը ետ վառել եւ թմրեցուցիչի պահանջը զգալ: Ասոր համար է, որ նաեւ կազդուրման կեդրոնէն վերադարձին անհատը պէտք է լաւապէս հոգատարութիւն ստանայ եւ ընդունելի ըլլայ շրջապատէն: Մենք ունեցած ենք քանի մը պարագաներ, որոնք կազդուրման կեդրոնէն եղան, բայց շրջապատը չընդունեց զիրենք, գործ չգտան, տարբեր դժուարութիւններ ունեցան եւ դժբախտաբար դարձեալ իրենց անցեալի թմրեցուցիչի ընկերներուն հետ կապի մէջ մտան, որովհետեւ լուծումը հոն գտան եւ այլն: Մենք ունեցանք այլ պարագայ մը:

Զոյգ մը համալսարանականներ, որոնցմէ տղան հայ էր, իսկ ընկերուհին տեղացի: Երկուքն ալ թմրամոլ էին: Աղջիկը տղուն ձեռքերուն մէջ մահացած է օվըրտոզի պատճառով: Երիտասարդը ընկերուհիին մահէն ետք շատ բարդ եւ ցաւալի պայմաններ ունեցաւ, նոյնիսկ փորձեց անձնասպան ըլլալ, ապա զանազան տեսակի անկումներ ունենալէ ետք որոշեց բուժուիլ: Զինք ուղարկեցինք երկու տարբեր կազդուրման կեդրոններ, որովհետեւ մէկը` Ըմ էլ Նուրը, զուտ կրօնական դաստիարակութեամբ կազդուրման կեդրոն է եւ ընդհանրապէս մեր տղաքը կը խրտչին անկէ ե՛ւ լեզուական, ե՛ւ մթնոլորտի իմաստով: Միւսը, քիչ մը լայիք էր աւելի, ոչ կրօնական դաստիարակութիւն ունէր: Ան կազդուրուելէ ետք վերադարձաւ կեանքի, գործ ալ դասաւորեցինք իրեն, սակայն մենք միշտ մտահոգ ենք, որ կրնայ որեւէ մէկ նուազագոյն ցնցումի վերադառնալ թմրամոլութեան, որովհետեւ այս անձը շատ լուրջ եւ դժուար պարագաներէ անցաւ: Յաճախ պէտք է համբերել, պէտք չէ յուսահատիլ, պէտք է ծնողքին բացատրել վիճակը, որովհետեւ կը պատահէր, որ մայրեր ծեծ կ՛ուտեն տունին մէջ, տունէն ապրանք կը պակսի, գողութիւն կ՛ըլլայ թմրեցուցիչի պահանջքի համար եւ այլն: Ես ականատես եղած եմ մօր մը, որ իր զաւկին ցաւը չտեսնելու համար գացած է թմրեցուցիչ գնած բերած է, որպէսզի զաւկին կռնակին եւ մէջքին ցաւերը փարատին: Ապա եկած է քովս եւ ըսած է ինծի, որ այս անձն է ծախողը, որպէսզի լուծում գտնենք:

«Ա.».- Երբեմն կան երիտասարդներ, որոնք այս ուղին բռնած են եւ կը կարծեն, որ ետդարձ չկայ: Ի՞նչ ըսելիք ունիք անոնց:

Յ. Լ.- Այդ տեսակ երիտասարդները ընդհանրապէս հետեւեալ ձեւով կը մտածեն: Այն երիտասարդները, որոնք թմրեցուցիչի զոհ են կ՛ուզեն ձերբազատիլ, սակայն չեն կրնար: Թմրեցուցիչը ահաւոր ձեւով մարդկային կամքը կը տկարացնէ, այդ կամքը երբ որ տկարանայ, մարդ կը փճանայ եւ կը սկսի զգալ, որ այլեւս պիտանի չէ: Ունեցած ենք պարագայ մը, երբ հայր մը ըսած է, թէ կ՛ուզէ զաւակիս մահը տեսնել, որպէսզի ազատի:

Այս վիճակին չմատնուելու համար է, որ պէտք է նախազգուշական աշխատանք տանինք: Այսօրուան զոհերը կրնան իրենց կամքովը միա՛յն ազատիլ, այսինքն` մեր խօսքը իմաստ չունի: Յաճախ մեր մօտ կու գան, խոստում կու տան, անոնց ձայնը կ՛արձանագրենք, որպէսզի յետոյ հոգեբանի հետ, հոգեբուժի հետ, քննենք ի՞նչ ըսած է, ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ, գրեթէ բոլոր պարագաները նոյն բաները կ՛ըսեն: Հիմնականօրէն երեք տեսակի վերլուծում կայ: Մէկը այն է, որ սուտ կը խօսին եւ ատիկա իրենց կամքով չէ, միւսները, որոնք կամք չունին, կ՛ըսեն, որ թմրեցուցիչ այսուհետեւ պիտի չգործածեն եւ կը գործածեն: Երրորդը, գոռոզ եւ յարձակողական կ՛ըլլան: Այս երեք խումբի պատկանողները խումբերուն գծով մենք այդ երիտասարդութեան ըսելիք չունինք: Այդ երիտասարդութեան մէկ բան կրնանք ըսել, որ անհրաժեշտ է որ իրենց կամքը զօրացնեն: Իրենք են, որ պիտի ուզեն բուժուիլ, բուժուիլ եթէ չուզեն ո՛չ ծեծով, ո՛չ զինուորականի ճամբով, ո՛չ բանտարկութեամբ, ո՛չ ծնողքի պատիժով կարելի է բուժել զանոնք: Միակ լուծումը թմրամոլութեան` կամքն է, այդ կամքը եթէ կարենայ ինքնիր մէջը զօրացնել, կրնայ յաջողիլ: Օրինակ մենք դիտած ենք տի.վի.տի. մը, որուն մէջ ցոյց կը տրուի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ թմրեցուցիչի կազդուրման կեդրոնի մը ընդունման պայմանները ի՞նչ են: Անոնք կարելի եղածին չափ կը դժուարացնեն ընթացքը, այսպէս օրինակ` 4-5-6 անգամ հարցազրոյց կ՛ընեն թմրամոլին հետ, որ վստահ ըլլան, թէ միտքը պիտի չփոխէ: Մինչ այդ իրենց ձեւը այդ է, որովհետեւ թմրամոլը ձրիաբար պիտի ընդունուի եւ բուժման տեղ պիտի գրաւէ եւ եթէ 1 շաբաթէն որոշումը փոխէ եւ ըսէ չեմ ուզեր, այն ատեն հարց կը ծագի: Այսպիսով ան թէ՛ ուրիշին տեղը գրաւած կ՛ըլլայ, թէ՛ անիմաստ ծախս տրամադրուած, եւ թէ իմաստ չունի այս բուժումը` ի զուր է: Իսկ տեղ մը, որ ընդունուեցար եւ դուրս ելար քու կամքովդ, վերստին չես կրնար այդ կեդրոնը ընդունուիլ, որովհետեւ դուն այլեւս լուրջ չես իբրեւ անդամ: Միացեալ Նահանգներու մէջ թմրամոլ մը անձամբ պիտի գայ դիմէ կեդրոնին եւ ոչ թէ ծնողքը պիտի բերէ իրեն: Նախ պիտի մօտենայ կեդրոնին մուտքին, որ դպրոցի դարպասի պէս է, այնտեղ պահակ մը կայ, անոր պիտի ըսէ կ՛ուզեմ ձերբազատիլ թմրամոլութենէ եւ կազդուրման կեդրոն մտնել: Հոն դիմումը կը լեցնէ, կ՛ըսուի, որ պիտի սպասէ: Տի.վի.տի.ին մէջ ցոյց տուած են, որ երիտասարդ մը 5 օր դրան առջեւ պառկած է, որովհետեւ շատ կ՛ուզէ ազատիլ թմրամոլութենէն, նաեւ ցոյց տուած են, որ կան տղաք, որոնք եկած են մէկ անգամ եւ այլեւս չեն եկած: Ուրեմն, միտք բանին այն է, որ անհատը երթէ ինքը կ՛ուզէ իսկապէս, պէտք է դրան առջեւ մնայ 3-4 օր եւ նոյնիսկ հոն պառկի, որպէսզի փաստէ, որ ինք իսկապէս կ՛ուզէ մնալ եւ բուժուիլ, եւ ո՛չ թէ միայն հոն երթայ, որպէսզի իր շուրջինները գոհացնէ: Պատգամը այն է, որ իրենց կամքէ մղուած, առանց մէկու մը թելադրանքի, եթէ իրենք որոշած են բուժուիլ, կը բուժուին, եթէ ո՛չ, ոչ ոք կրնայ բան մը ընել, այսինքն` պարտադիր բուժում չկայ թմրեցուցիչին պարագային. դժբախտաբար ա՛յս է իրականութիւնը:

«Ա.».- 26 յունիսը թմրամոլութեան միջազգային օրն է: Այս առիթով ի՞նչ ունիք ըսելիք ընդհանրապէս, իսկ լիբանանահայ երիտասարդութեան մասնաւորապէս:

Յ. Լ.- Թմրեցուցիչի միջազգային օրուան առիթով մեր մաղթանքն է, որ առաւելագոյն չափով քիչ զոհեր ըլլան, առաւելագոյն չափով մեր ծնողները խօսակից ըլլան իրենց զաւակներուն հետ, առաւելագոյն չափով մեր տղաքը ուշադիր ըլլան ամէն տեսակի մոլութիւններէ, որովհետեւ մեր առջեւ ուրիշ տեսակ զոհեր կան, այսինքն` նախապէս քաղաքացիական պատերազմին զոհեր կ՛ըլլային, գաղթի զոհեր կ՛ըլլային, իսկ այսօր ուրիշ միջոց գտնուած է, որպէսզի երիտասարդութիւնը փճանայ եւ մասնաւորապէս ընտրած են ա՛յն երիտասարդները, որոնք դատեր ունին հետապնդելիք, որոնք տակաւին ընելիք ունին, սերունդներ պիտի պատրաստեն, այսինքն` շատ բան կը սպասուի այդ երիտասարդութենէն եւ անոր համար ճիշդ չէ, որ այս պայմաններով, այսքան աւելի լաւ պայմաններու մէջ, մեր նախնիներուն հետ համեմատաբար, ճիշդ չէ, որ կեանքի պզտիկ դժուարութիւններու պատճառով թմրամոլութեան դիմեն: Մեր մաղթանքն է, որ կարելի եղածին չափ մեր երիտասարդութիւնը զգուշ ըլլայ շրջապատէն, ծնողները խօսակից ըլլան իրենց զաւակներուն հետ, որ շատ մեծ բան կը փոխէ, կը խնայէ, իրենք եւս խօսակից ըլլան իրենց ծնողներուն հետ իրենց դժուարութիւնները պատմելով, զրուցելով անոնց հետ, որովհետեւ զաւակներուն միակ ապահով բերդը` տունն է, ո՛չ մէկը կը ցանկայ իրենց տունի անդամներէն աւելի իր լաւութիւնը, ո՛չ ընկերները, ո՛չ մօտիկ բարեկամները, ո՛չ գիշերային վայրերու մէջ վաճառողները: Ուրեմն, ընտանիքը հիմնական խարիսխն է, ծնողները հիմնական բանալին են, որպէսզի հաղորդակից հետեւող ըլլան, իսկ անհրաժեշտ է, որ երիտասարդները իրենց կամքը զօրացնեն, որպէսզի փորձութիւններէ հեռու մնան:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES