Հարցազրոյց` Յովհաննէս Թասլաքեանի Հետ
Չորեքշաբթի, 12 փետրուարին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ հարցազրոյց մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 18 դեկտեմբեր 2010-էն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ ընթացք առած շարք մը իրադարձութեանց, ինչպէս` «Արաբական գարուն»-ը եւ Սուրիոյ տագնապը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ռուս-ամերիկեան եւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին:
Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ: