Արթուր Աբրահամ. «Ինծի Յաղթանակը Կը Հետաքրքրէ»

aprahamԳերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին մեկնաբանած է սպասուող փոխվրէժի մենամարտը` Ռոպըրթ Շթիքլիցի դէմ:

Մէջբերելով «Սփորթպաքս» կայքին հրապարակած լուրը` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը ներկայացնէ Աբրահամի հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Ես միայն մէկ նպատակ ունիմ` յաղթել: Յաղթանակէն բացի ինծի համար ոչինչ հետաքրքրական է: Նախորդ անգամ, բժիշկը ինծի չթոյլատրեց մրցամարտը շարունակել, որովհետեւ աչքս վիրաւորուած էր: Երրորդ մրցամարտին պէտք է ամէն ինչ ճիշդ ընեմ, որպէսզի յաղթանակի հասնիմ: Ես կը նախընտրեմ 6-րդ ռաունտէն ետք սկսիլ վտանգաւոր հարուածներ տալ, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ առաջին ռաունտերուն ձեռնածալ պիտի նստիմ»:

Նշենք, որ Աբրահամ ցարդ երկու անգամ ճակատած է Շթիքլիցի դէմ:

Առաջին մրցամարտին յաղթանակ արձանագրեց Աբրահամ, իսկ երկրորդին թեքնիք նաք-աութով 4-րդ ռաունտին յաղթանակ արձանագրելով, Շթիքլից յաջողեցաւ ախոյեանութեան գօտին իրեն վերադարձնել:

Նշենք, որ անոնց միջեւ երրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 1 մարտին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )