Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Դարձեալ Անելի Մատնուած Են
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ քննարկեց նախորդ երկու օրերուն ընթացքին կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով կատարուած խորհրդակցութիւնները, որոնք գրեթէ հասած էին իրենց աւարտին:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց առիթը չփախցնելու եւ կազմելու կառավարութիւն մը: «Քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ համախոհութեան գոյացումը աւելի լաւ է, քան` իւրաքանչիւրին կողմէ իր տեսակէտներուն կառչած մնալը: Համախոհութեան ընդմէջէն կարելի է մեղմացնել լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ դուռը լայն բանալ` շրջանցելու վեթոներ պարտադրելու հանգրուանը եւ մտածելու ամբողջ Լիբանանին ու լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութեան մասին», շեշտեց նախագահ Սլէյման:
Նշենք, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Պաապտա չայցելեց, որովհետեւ նոր դահլիճի մը կազմութիւնը դարձեալ անելի մատնուեցաւ:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտուեցաւ ներքին գործոց նախարարի անձին ճշդման առումով:
Երէկ կէսօրին բացայայտուեցաւ, որ ներքին գործոց նախարարութեան առումով յառաջացած է թնճուկ մը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ եւ անոր փոխանցեց, որ այդ նախարարութեան համար առաջարկուած անունը ընդունելի չէ:
Յայտնուեցաւ նաեւ, որ Պըրրի իր ճամբորդութիւնը յետաձգած է կիրակի առաւօտեան` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան ջանքերը:
Աւելի ուշ փոխանցուեցաւ, որ Հըզպալլա վեթոյի ենթարկած է ներքին գործոց նախարարի պաշտօնին համար Սամիր Ժսըրի թեկնածութիւնը:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ներքին գործոց նախարարութեան համար ունի ատակ միակ թեկնածու մը, որ հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին է:
Իրենց կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներ հաստատեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է, սակայն անիկա մերժուած է` նկատի ունենալով, որ հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի անունը կը բովանդակէ: