Լիբանանեան Կարճ Լուրերը

ԵՐԷԿ` կիրակի երեկոյեան հրդեհ մը ծագեցաւ Քեսրուանի Պուար գիւղաւանի մերձակայ անտառային շրջաններուն մէջ: Քաղաքային պաշտպանութեան ջոկատներ ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ դիմեցին անհրաժեշտ միջոցառումներուն:

3,4 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը երէկ ցնցեց Թրիփոլիի հիւսիսային շրջանը` առանց մարդկային զոհեր պատճառելու: Պատկան պատասխանատու մը հանգստացուց շրջանի բնակիչները, թէ վախի եւ շփոթի կարիք չկայ:

ԲԱՆԱԿԻ ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շաբաթավերջին մեկնեցաւ Հռոմ, ուր տեսակցութիւններ պիտի ունենայ իտալացի վարիչներուն հետ` բանակի հզօրացման գծով տարուող ճիգերու ծիրին մէջ: Այս առիթով, զօր. Քահուաժի հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ, որ Հռոմ կը գտնուի Ֆրանչիսկոս պապին տուած այցելութեան ծիրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )