Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Կրնայ Վաւերացուիլ Այսօր

Նորակազմ դահլիճի աշխատանքային ծրագիրը մշակելու կոչուած յանձնախումբը այսօր` երկուշաբթի, 24 փետրուարի երեկոյեան պիտի շարունակէ ծրագիրի մշակման աշխատանքը: Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, ծրագիրը կրնայ վաւերացուիլ այսօրուան նիստին եւ իր բանաձեւումի վերջնական տարազով ներկայացուիլ դահլիճին:

Իսրայէլի դէմ դիմադրութեան, բանակին եւ ժողովուրդին միջեւ եռեակ համախոհութիւն ու գործակցութիւն խորհրդանշող տարազը, որ գլխաւոր կէտերէն մէկն է ծրագիրի վերջնական մշակումին մէջ, կը նախատեսուի, որ դրական տարազի մը յանգի` տարակարծիք կողմերու ներկայացուցիչներուն ցուցաբերած համախոհական համակերպումի լոյսին տակ: Այս հաւանականութիւնը առաւել եւս կը հիմնաւորուի այն տեղեկութեանց լոյսին տակ, ըստ որոնց, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ կը փափաքին ծրագիրը վաւերացնել ու խորհրդարանի վստահութիւնը շահիլ, նախքան յառաջիկայ շաբաթ, 5 եւ 6 մարտին, Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական զօրակցութեան համագումարի թուականը:

Աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբը այս գծով վերատեսութեան կ՛ենթարկէ անցնող դահլիճներու օրով հրապարակուած աշխատանքային ծրագիրները: «Անիկա նաեւ ի մտի պիտի ունենայ լիբանանեան տարբեր կողմերու կեցուածքներն ու Պքերքէի հրապարակած վերջին փաստաթուղթը:

Նմանապէս, մարոնիներու Ռայի պատրիարքը եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Հռոմի մէջ իրենց տեսակցութեան ընթացքին համախոհութիւն ցուցաբերած են աշխատանքային ծրագիրը ճշդուած ժամկէտին հրապարակելու գծով:

Այս գծով լիբանանեան «Նահար» օրաթերթը նշեց, որ Սէուտական Արաբիա այս եւ առհասարակ Լիբանանի մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի ստեղծման հեռանկարով իր մօտ պիտի հրաւիրէ լիբանանեան զանազան կողմերու ներկայացուցիչներ` «մեղմացնելու համար խնդրայարոյց հարցերու շուրջ տարակարծութիւնները»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )