ՔԱՆԻ՞ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒՍ ՊԻՏԻ ՇԱՀԻ ԱԲԿ-Ն
Ամբողջ աշխարհի մէջ հազուադէպ երեւոյթ մըն է, որ կուսակցութիւն մը շահի բոլոր ընտրութիւնները, զորս ինք կազմակերպած եւ վարած է իր հիմնադրութենէն ի վեր անընդհատ աւելցնելով իրեն զօրակցող քուէարկողներու թիւը:
Ճիշդ ասիկա է որ ցարդ ըրած է Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:
Այժմու տուեալները ցոյց կու տան, որ այս պարագան որոշ ատեն մը նոյնը պիտի մնայ, որովհետեւ ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը (Ճէ. Հէ. Փէ.), գլխաւոր ընդդիմադիրը Թուրքիոյ մէջ, կը ներկայացնէ մօտեցում մը, որ կը հակադրուի ե՛ւ ժողովուրդին, ե՛ւ ժողովուրդի արժէքներուն:
Ճէ. Հէ. Փէ.-ի նախագահը, տեղակալներն ու այլ պաշտօնատարներ փոխուած են, բայց կուսակցութեան ծագումնաբանական կառոյցը նոյնը կը մնայ:
Այս կառոյցը ունի մօտեցում մը, որ կը դատապարտէ մարդոց արժէքներն ու ժողովուրդին ապրելակերպը եւ կ՛աղարտէ ժողովուրդը:
Ասիկա հասկացողութիւն մըն է, որ կը պարտի Թուրքիոյ մէջ 1925 թուականին տեղի ունեցած այսպէս կոչուած «Գլխարկի Յեղափոխութեան», որ յաջորդեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան, երբ ժողովուրդը կը տառապէր ճնշումներէ եւ դաժանութենէ:
Մենաշնորհեալ խումբ մը մարդիկ կ՛երազէին, կը ցանկային այն օրերը, երբ փողկապ անցուցած կը հետեւէին ֆութպոլի մրցումներու, մինչ զանգուածներ սովամահ կ՛ըլլային Անատոլուի մէջ:
Ասիկա նաեւ մտածելակերպ մըն է, որ կը ձգտի յեղափոխութիւններու շարունակման եւ կոչ կ՛ուղղէ պարզ մարդոց` չանհանգստացնելու մենաշնորհեալները, ընտրանին եւ անոնց աչքի, տեսողութեան հաճոյքը` իրենց գաւառական ապրելակերպով ու հանդերձանքով:
Անոնք նման են ազնուականներու, որոնք կ՛երազեն կը ձգտին ունենալ կորսուած դարաշրջանը թագաւորութեան:
Այս պատճառով, անկախ իրենց տնտեսական պայմաններէն, քուէարկողները 30 առ հարիւրէն աւելի զօրակցութիւն չտուին ընդդիմադիր ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (Ճէ. Հէ. Փէ.):
Պայմանադրական, աւանդական ժողովրդավարութիւններուն մէջ ձախակողմեան կուսակցութիւնները այլընտրանքային են աջակողմեան իշխող կուսակցութիւններու կամ իշխանութիւններուն:
Սակայն Թուրքիոյ մէջ չկայ իսկական ձախակողմեան կուսակցութիւն: Կայ իշխանամէտ կուսակցութիւն, որ կազմուած է 1960 թուականէն ետք, երբ քեմալականութիւնը կեդրոնացաւ ընկերային ժողովրդավարութեան վրայ:
Անատոլուի մէջ պետութիւնը հաւասարեցուած է ոստիկանական վայրագութեան եւ պարտադիր, բռնի անդամագրութեան: Ճէ. Հէ. Փէ.-ն կը ներկայացնէ ա՛յս մտածելակերպը, հասկացողութիւնը:
Մասամբ ասիկա է պատճառը, որ ինչու վարչապետ Ռեճեփ Ռայիփ Էրտողան մարդոց յիշեցուց Ճէ. Հէ. Փէ.-ի անցեալի գործողութիւններուն մասին, որոնք ժողովուրդը դժուարութեանց մատնած են:
Ճէ. Հէ. Փէ.-ն անկարող եղած է այս մտածելակեպը փոխել:
Նոյնիսկ ընտրութեան մէջ կրած պարտութենէն ետք ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը չէ կրցած հարցականի տակ առնել իր քաղաքականութիւնները: Ճէ. ՀԷ. Փէ. միայն կը կեդրոնանայ այն անուններուն վրայ, որոնք պատասխանատու են կուսակցութեան կրած ընտրական պարտութեան:
Ճէ. Հէ. Փէ. եթէ ատակ ըլլայ ընկերվար ժողովրդավարական արդի կուսակցութեան մը վերածուելու, պէտք է կարենայ հաղորդակցիլ, խորհրդակցիլ Եւրոպայի իր գործընկերներուն հետ եւ համագործակցիլ անոնց հետ: Թէեւ Ճէ. Հէ. Փէ.-ի գործիչներուն մեծամասնութիւնը եւրոպական այս կուսակցութիւնները կը նկատէ թշնամիներ, որոնք քրտական հարցին ընդմէջէն Թուրքիոյ բաժանման կը ձգտին:
Ութսուն տարի ետք թրքական այժմու պետութիւնը կուսակցութիւններու համակարգ մըն է, ուր չկայ ձախակողմեան կուսակցութիւն: Աջը կ՛ըլլայ այլընտրանքը ձախակողմեան ընդդիմութեան բացակայութեան:
Ասիկա կը ջնջէ, կը վերացնէ կարելիութիւնները դիմակալելու շարք մը հիմահարցեր, ինչպէս` եկամուտքի անհաւասարութիւնները, որոնց ուշադրութիւն դարձնելէ ձեռնպահ կը մնան աջակողմեան կուսակցութիւնները:
Պետութեան մէջ գաղտնի կառոյցներու հանդէպ ընդդիմութեան վերաբերմունքը հարցականներ կը յարուցէ անոր անկեղծութեան նկատմամբ:
Եզրափակելու համար կարելի է հաստատել, որ Ճէ. Հէ. Փէ. կը վերածուի կառոյցի մը, որ կը վարէ ժողովուրդին շահերը թերագնահատող, նսեմացնող քաղաքականութիւններ:
Ասիկա կ՛ամոքէ, թեթեւութիւն կու տայ իշխող կուսակցութեան, բայց նաեւ կը տկարացնէ ժողովրդավարական ստուգումները իր քայլերուն, գործունէութեան:
Ֆութպոլի դասակարգ մը, ուր առաջատարմ, պարտուած ըլլալով հանդերձ, իր դիրքը չի զիջիր, որովհետեւ մրցակիցը աւելի կէտեր կորսնցուցած է, ստորադաս որակ կրնայ ունենալ: Նոյնպէս քաղաքական համակարգ մը, ուր ընդդիմութեան պատկերը, դիմագիծը աւելի ժխտական է, քան իշխող կուսակցութեան, կը ծառայէ իբրեւ խոչընդոտ` ժողովրդավարութեան ամրապնդման:
Հազուադէպ բան մը կը պատահի Թուրքիոյ մէջ եւ երկիրը կ՛ենթարկուի որոշ վնասներու ո՛չ թէ իշխող կուսակցութեան ուժին պատճառով, այլ ընդդիմութեան թուլութեան ու տկարութեան իբրեւ հետեւանք:
Եթէ ուժեղ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւն մը նախաձեռնութեան մը չդիմէ, կը թուի, թէ այս կացութիւնը նոյնը պիտի մնայ:
ԷՐԿՈՒՆ ՊԱՊԱՀԱՆ
«Զաման»