Պքերքէի Մէջ . Միջմարոնիական Հանդիպում` Նախագահութեամբ Ռայի Պատրիարքին

rayi_basil-2803Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան Պքերքէի մէջ նախագահեց միջմարոնիական հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ պատրիարքական փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս:

Ապահովական պատճառներով հանդիպումէն բացակայեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:

Սոյն հանդիպումին վերաբերեալ մանրամասն հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակուի այսօր:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, Պասիլի Վատիկան այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Քուէյթի Արաբական վեհաժողովին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ քննարկուած են նաեւ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ պետութեան օժանդակելու հաւանականութիւնները:

Պասիլ նշեց, որ քննարկուած է նաեւ Լիբանանի դերակատարութիւնը եւ անոր գծով արձանագրուած արաբական եւ միջազգային կեցուածքները:

Ան աւելցուց, որ Հռոմի մէջ Արեւելքի քրիստոնեաներուն նկատմամբ ըմբռնողութիւն մը կը ցուցաբերուի:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆայեզ Ղոսըն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )