ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐՈՒԵԼՈՒ ԵՒ ՄԱՆՐՈՒՔՆԵՐԷ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հաւասարապէս յանձնառու մնալ արդարութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ նախնական ամբաստանութիւնը հրապարակուած է քաղաքական զգայուն հանգրուանի մը ընթացքին, ինչպէս նախատեսուած էր:
Ան դիտել տուաւ, որ ընտրուած է այնպիսի ժամկէտ մը, որ նախնական ամբաստանութիւնը հրապարակուի կառավարութեան կազմութենէն քանի մը օր ետք եւ խորհրդարանին մէջ անոր ստանալիք վստահութեան քուէէն քանի մը օր առաջ:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի նախնական ամբաստանութեան բովանդակութեան, ապա անիկա բառացիօրէն կը նոյնանայ արաբական ու օտար մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն սպրդեցուցած տեղեկութիւններուն», ըսաւ ան:
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի նոր հանգրուանի մը մէջ, որուն ընթացքին պէտք է ըլլալ զգաստ, պատասխանատու, ուշիմ եւ հանդարտ:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ նախնական ամբաստանութեան բովանդակած բերման գիրերուն եւ զանոնք ստացող անհատներուն անունները բացայայտելով հանդերձ, կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին թէ վարչապետ Միքաթիի յայտարարութիւններուն մէջ յստակօրէն նշուեցան, որ Լիբանան եւ անոր քաղաքական իշխանութիւնները յանձնառու կը մնան Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ, «ինչ որ կը հակադրուի ներկայ ընդդիմութեան տարածած այն լուրերուն, թէ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը Լիբանանը կ՛ուզէ միջազգային ընտանիքին դէմ կանգնեցնել», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ քաղաքական բոլոր կողմերուն մօտ հիմնական կը մնայ այն համոզումը, որ պէտք է հաւասարապէս յանձնառու մնալ երկրին կայունութեան եւ արդարութեան նկատմամբ:
«Ինչպէս նահատակներուն արդարութիւն բերելու համար ճշմարտութիւնը կարեւոր է, այնպէս ալ երկրին ապագային համար կայունութեան պահպանումը կարեւոր է: Հետեւաբար, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն արդարութիւն բերելու համար կարելի չէ սադրանքներու եւ երկփեղկումի ենթարկուիլ ու մեծ պետութեանց խաղերուն մէջ իյնալ», շեշտեց Ժոմպլաթ:
Տիւրզի ղեկավարը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն պատասխանատուութեամբ վարուելու եւ մանրուքներէ խուսափելու` ընդգծելով, որ անհատներու դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները կարելի չէ վերագրել որոշ կուսակցութեան մը կամ համայնքի մը, «որովհետեւ այդ քայլը վտանգաւոր վայրէջք մըն է եւ կը հարուածէ ոչ միայն երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը, այլեւ` կը սպառնայ իսլամական միասնականութեան հիմքերուն` սկսեալ Լիբանանէն հասնելով մինչեւ ամբողջ շրջանը», նշեց ան:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ պէտք է հանդարտութեամբ վարուիլ եւ առիթ տալ, որ կառավարութիւնը, դատական իշխանութիւնները, քաղաքական ուժերն ու ապահովական կառոյցը կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Մամլոյ ասուլիսին աւարտին Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ պէտք է վերադառնալ ազգային երկխօսութեան, որովհետեւ տակաւին կը գտնուինք լիբանանեան պետութեան կերտման հանգրուանին մէջ: «Կոչ կ՛ուղղեմ վերադառնալու ազգային երկխօսութեան եւ անհրաժեշտ կը գտնեմ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հետեւեալ խօսքը` «Ոչ ոք աւելի մեծ է իր երկրէն»ը վերածելու այս հանգրուանի կարգախօսին», եզրափակեց Ժոմպլաթ: