Հրաշալի Էջեր` Հայոց Պատմութեան Հատորներէն

ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հայոց պատմութեան բազմաթիւ հատորներէն այսօր մենք կը կարդանք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտման եւ գոյատեւման էջերը: Հրաշալի էջեր, պայքարի եւ յաղթանակի օրինակելի էջեր. էջեր, զորս գրեցին Արամն ու իր դաշնակցական ընկերները:

Ցեղասպանութեան մոխիրներէն հայ ժողովուրդին յարութիւնը կերտեց հայրենիք: Առաջին Հանրապետութեան կերտման պատմական իրադարձութիւնները, ռուսական եւ թրքական դիւանագիտական խաղերը, հայ ժողովուրդի պայքարի ոգին, Արամ Մանուկեանի ղեկավարութիւնը, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի մարտերը, կամաւորական գունդերը եւ անոնց զօրավարները եւ մանրամասնութիւններ յիշելը անհրաժեշտ չեն այստեղ: Ինչ որ պէ՛տք է յիշուի սակայն, օրուան ղեկավարութեան, ռազմավարական, կազմակերպական եւ գաղափարական ոճի օգտագործումն է, որ անսովոր եւ  իւրայատուկ էր 20-րդ դարու սկիզբը:

Երբ հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս կը գտնուէր կործանման արհաւիրքին դէմ յանդիման, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բնականաբար ունեցաւ առաջնահերթ դեր: Արդարեւ, Դաշնակցութեան աշխարհիկ գործելաոճը ունեցաւ իր բացառիկ ազդեցութիւնը անկախութեան կերտման ընթացքին վրայ:

Այսպէս` Դաշնակցութիւնը ըլլալով յեղափոխական կուսակցութիւն մը, մերժեց յանձնուիլ ոսոխին: Դաշնակցութիւնը` հաւատալով ժողովրդավար գաղափարաբանութեան, ժողովուրդը մղեց ընտրութեան, եւ ընտրեցին Հայաստանի առաջին ղեկավարը` Արամ Մանուկեանը: ՀՅԴ-ն` ըլլալով ազգային կուսակցութիւն մը, հայ ժողովուրդը եւ մեր հայրենիքը դասեց ամէն բանէ վեր եւ պայքարեցաւ անկախութեան իրականացման համար: Նաեւ, Դաշնակցութիւնը` ըլլալով ընկերվար եւ ժողովրդավար սկզբունքներու կառչած կուսակցութիւն մը, կազմակերպելէ եւ իրագործելէ ետք հայրենիքի անկախութիւնը, առիթ տուաւ բոլորին ընտրելու երկրի խորհրդարանը:

Աւելի՛ն. մերժելով Երեւանը պարպել, Արամ Մանուկեան մղեց հայոց ուժերը հերոսական պատերազմի: Հակառակ անոր, որ երկիրը տակաւին չունէր սահմանադրութիւն, մեկնելով ժողովրդավարութեան եւ ընկերվարութեան սկզբունքներէն, որոնք տակաւին համաշխարհային ընդունելիութիւն չէին ստացած, իրաւունք տուաւ հայ կիներուն մասնակցելու ընտրութեան եւ նաեւ ընտրուելու իբրեւ խորհրդարանի անդամ: Հակառակ անոր որ միայն քանի մը տարի առաջ էր, որ Հայաստանի այսօրուան Հանրապետութիւնը իրաւունք տուաւ աշխարհասփիւռ հայորդիներուն ստանալու Հայաստանի քաղաքացիութիւնը, Առաջին հանրապետութեան օրերուն Հայաստանի քաղաքացի կը նկատուէին աշխարհի մէջ ապրող բոլոր հայերը (*): Կրօնքը կ՛անջատուէր պետութենէն, ինչպէս նաեւ կը հիմնուէր Հայաստանի առաջին պետական համալսարանը:

Օրուան ղեկավարութեան վարած հմուտ եւ անկեղծ քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանը բարգաւաճեցաւ, սակայն վերոյիշեալ սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնները, ինչպէս նաեւ ակախ Հայաստանի մը գոյութիւնը խաթարուեցան` ի դէմ օտարին քաղաքական շահագործումներուն եւ աւելի «բարձր» գաղափարներու: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը քայքայուեցաւ եւ Հայաստանը խորհրդայնացաւ: Հայրենիքը ալ ազատ չէր, ոչ ալ անկախ:

Հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան հատորները գրող ընկերներն ու հերոսները քաջատեղեակ էին իրենց առած բոլոր քայլերուն, որդեգրած սկզբունքներուն եւ գործելաոճին: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մաս կազմած Նիկոլ Աղբալեանը համեստաբար անդրադարձած է Մայիսեան յաղթանակին եւ պետականութեան` ըսելով. «Հետագայ դարերու հայ մարդը պիտի զարմանայ այն սերունդի վրայ, որ օրհասական տարիներուն հերոսական վճռականութեամբ տէր կանգնեցաւ իր անտէր հայրենիքին եւ իր անվարժ ու թոյլ ձեռքով, բայց եւ անվեհեր հոգիով կարողացաւ աւերակներու եւ սովի մէջէն նոր Հայաստան ստեղծել»:

Եւ իրապէս, զմայլանքով կը կարդամ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ զայն կերտած մեր ընկերներուն գրած էջերը, անոնց քաղաքական ու գաղափարական կազմաւորումը, ազգասիրութիւնը, հայութիւնը, դաշնակցականութիւնը…

Կը շնորհաւորեմ մեր բոլորին մայիս 28-ը,

Կը խոնարհիմ զայն կերտող մեր ընկերներուն վեհութեան դիմաց.

Կը պայքարիմ կերտելու համար մեր բոլորին ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը, եւ երբ չի մնար ելք ու ճար, խենթերը` ինչպէս մայիսին, կը գտնեն հնար:

——————

(*) Եթէ անոնք իրենց ազատ կամքով չուզէին այլ քաղաքացիութեան պատկանիլ՝ նկատի առնելով, որ այդ օրերուն երկքաղաքացիութեան գաղափառը տակաւին ընթացք չէր առած:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )