Նաւապետին Մի՛ Սպասէք

ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ

«Մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերուն թէ՛ ճակատի
պաշտպանութեան, եւ թէ երկրի ներսը կարգ հաստատելու»:

ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Շատեր տակաւին կ՛ենթադրեն, թէ Արամի կոչը ուղղուած էր միայն առաջին անկախութեան շրջանին: Սակայն երբ խորանաք եւ վերլուծենք Արամի անցեալի պատգամը եւ ինքնաքննարկենք մեր այսօրուան ցաւալի իրավիճակը, կը տեսնենք, որ Արամի խօսքը մինչեւ օրս ի զօրու է:

2011-ին, երբ Հայաստան այցելեցի, տեսայ այն, ինչ որ չէի փափաքեր տեսնել: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան նստավայրը  վերածուած է փիցցայի ճաշարանի մը: Արդեօք այսպէ՞ս կը պարգեւատրենք մեր հերոսները, արդեօք այսպէ՞ս կը պահպանենք մեր պատմական կառոյցները: Այս շէնքին մէջ Սիմոն Վրացեան, Ալեքսանտր Խատիսեան, Արամ Մանուկեան եւ ուրիշներ քրտինք թափած եւ ժամերով ծրագիրներ մշակած են, որպէսզի հայրենիք կերտենք: Սակայն մէկ  ստորագրութեամբ կը մոռնանք մեր պատմութիւնը, կ՛անտեսենք մեր պայքարի ոգին եւ մեր պատմութեան ճակատագիրը կը յանձնենք սակաւապետական իշխանութեան մը: Այսօր դարձեալ կը հանդիպինք այն լուրերուն, թէ Արամ Մանուկեանի ծննդավայրը խայտառակ վիճակի մէջ է եւ դարձեալ կը մտաբերեմ նոյն հարցումները: Վերջերս Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ որոշ աղմուկ մը բարձրացուցին Անաստաս Միկոյեանի արձանի կանգնեցման հարցով: Կարդացինք յօդուածներ, ընկերային ցանցերու վրայ զայրոյթի եւ ընդվզումի ալիքներ բարձրացան, սակայն գետնի վրայ ոչ մէկ քայլ կամ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ: Լուռ լուրերը մտիկ կ՛ընենք:

Սակայն յանցաւորը ո՛չ կառավարութիւնն է, ո՛չ ալ թուրքը, այլ մենք, մենք, որ լռած եւ գրեթէ ընկղմած ենք ծովու խորը եւ կը սպասենք, որ այլ նաւապետ մը գայ եւ մեզ փրկէ:

Եւ տակաւին սպասման վիճակի մէջ ենք… եւ մեր նաւը կ՛ընկղմի…

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Մայիսեան պատգամը յաղթանակ մը տօնելէ շատ աւելի խոր է: Բոլորս ալ գիտենք, որ այսօրուան հայրենիքի գոյութիւնը կը պարտինք Մայիսեան ճակատամարտին: Այս մէկը մեզի առիթ մը պէտք է դառնայ, որ մեր յիշողութիւնը վերատեսութեան ենթարկենք եւ փորձենք արտաքին ճակատի վրայ պայքար մղել թրքական պետական քարոզչամեքենային դէմ: Բայց նախ պէտք է ամրապնդուի ներքին ճակատը, եւ հոս ներքին ճակատ ըսելով կը հասկնանք` սփիւռք-հայրենիք միասնականութիւնը, արտագաղթի դէմ պայքարը, տնտեսական-ընկերային բարգաւաճման ծրագիր մշակելը, այս բոլորը կ՛ամրապնդեն մեր ներքին կիսաքանդ ճակատը, եւ երբ ամրապնդենք զայն, այն ատեն կրնանք մտածել արտաքին ճակատին մասին:

Ներկայ արեւելեան սահմանին մօտ ազրպէյճանական զինուորական ապարդիւն գործողութիւնները նաեւ պէտք է որոշ մտահոգութիւն մը յառաջացնեն: Երբ մենք սփիւռքի մէջ կը տօնենք «Մայիսեան յաղթանակը», սահմանին վրայ հայ զինուորը իր կեանքը կը զոհէ Արամներու կողմէ կերտած հայրենիքի զոհասեղանին: Երբ թրքական կառավարութիւնը իր ջանքը կը թափէ, որ 100-ամեակի սեմին պղծուած պատմութիւն մը յօրինէ,  մենք տակաւին «հայապահպանութեամբ կը զբաղինք»: Իսկ հայրենիքի մէջ վերջին տնտեսական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները մեզի ցոյց կու տան, որ ցաւօք սրտի ժողովուրդս կորսնցուցած է իր ըմբոստութեան եւ պայքարի ոգին:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Մայիսեան պայքարը չաւարտեցաւ մայիս 28-ի անկախութեան հռչակումով, ո՛չ ալ հանրապետութիւն կառուցելով… Մեր ճամբան շատ երկար եւ փշոտ է, յաղթանակը լիակատար չէ: 1918-ին մեր նախնիները այդ ճանապարհը բացին, այսօր կը մնայ, որ այդ ճամբան մենք շարունակենք եւ ընդարձակենք: Չգոհանանք Մայիսեան տօնակատարութիւններով, այլ ծրագրենք արձանագրելու նոր մայիսներ` ըլլայ այդ մէկը ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ:

 

… Նաւապետին մի՛ սպասէք… ուրիշներ ալ օգնութեան կը սպասեն, բայց մենք նաւ ունինք,  այն ալ մեր հայրենիքն է, իսկ նաւապետն ալ մենք ենք… օտար նաւապետներու պէտք չունինք…

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )