Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք. Շահեկան Դասախօսութիւն-Զրոյց` «Ո՞վ Է Հայը» Նիւթով
Հինգշաբթի, 24 յուլիս 2014-ին` Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 6-րդ օրը, ֆորումականները յաջորդաբար այցելեցին Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, Էջմիածինի Մայր տաճար եւ թանգարան, Գայեանէ եկեղեցի եւ Զուարթնոցի տաճար:
Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ շատ հետաքրքրական եւ շահեկան դասախօսութիւն-զրոյց մը` «Ո՞վ է հայը» նիւթով: Փրոֆեսէօրներ Հրանդ Մարգարեան եւ Քլոտ Մութաֆեան ներկայացուցին բացատրողական մը ինքնութեան մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցան այն դէպքերուն մասին, որոնք ձեւաւորած են հայ ազգի ինքնութիւնը:
Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ խմբային աշխատանք, եւ ֆորումականները աշխատեցան բաժնուած հինգ խմբակներու` երաժշտութիւն, պար, թատրոն, լրատու եւ ելեկտրոնային կայք: