Խանասորի Արշաւանքը Ինքնաճանաչման Փարոս` Գալիք Սերունդներուն

IMG_0002«Ցոյց տանք մեր հասարակութեան թերահաւատ մասին, որ ընդունակ ենք յեղափոխական, թէեւ անհաւասար, կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու, ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայն ալ գիտէ կռուիլ ազատութեան համար». Խանասորի Վարդանին տուած այս պատգամէն  117 տարիներ ետք ահա ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամները եկած էին վերահաստատելու իրենց ուխտը  եւ կազմակերպելու Խանասորի արշաւանքին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 25 յուլիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազիրեան» ակումբին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սմբատ Գրիգորեանը, որ հաստատեց, թէ Խանասորի արշաւանքով հայու արժանապատուութիւնը վերականգնեցաւ, հայ ժողովուրդին  կուրծքը հպարտութեամբ լեցուեցաւ այս սխրանքին նկատմամբ:

IMG_0062IMG_0013Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին փոքրիկն Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան, որ ապրումով արտասանեց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ Դանիէլ Վարուժանի «Առկայծ ճրագ» կտորները, եւ  Մարինա Գէորգեան, որ մեկնաբանեց «Ագուլիսցի քաջ պատանի» երգը: Խանասորի արշաւանքի ֆիտայական ջոկատները պատկերող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ` «Իշխան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած:

Խանասորի արշաւանքին պատգամն ու խորհուրդը փոխանցեց օրուան բանախօս Համբիկ Պիլալեան, որ ողջունեց «Իշխան» կոմիտէին այս նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի Դաշնակցութեան ակունքները վերադառնալ ու անցեալէն դասեր քաղել եւ փոխանցել նոր սերունդին: Ապա ան պատմական արագ ակնարկ մը նետեց 19-րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդի կրած ողբերգութիւններուն, այդ շրջանի կացութեան, ինքնապաշտպանական կռիւներուն եւ այնուհետեւ 1896-ին Առաքելոց վանքի շրջակայքը 200 ֆետայիներու եւ 600 անզէն հայերու ջարդին վրայ, եւ վերջապէս խօսեցաւ Դաշնակցութեան առած վրէժի որոշումին մասին: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս Նիկոլ Դուման մտայղացաւ արշաւանքը, կազմակերպումը յանձն առաւ  ու զինեց ֆիտայիները:

IMG_0035Պիլալեան առաջ քաշեց Նիկոլ Դուման դաշնակցական տիպար գործիչին կերպարը, անոր ոգեւորող ու դաստիարակող արժանիքները,  ռազմունակ կարողութիւնը  եւ յաղթելու կամքը: Յիշեց նաեւ Դումանի ընկերները` Սեւքարեցի Սագոն, Արիստակէս Զօրեանը, Գալուստ Ալոյեանը եւ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ ունէին ազնիւ եւ համեստ նկարագիր:

Դաշնակցութեան գրականութիւնը միշտ ալ հարուստ եղած է գանձերով:

Խանասորի արշաւանքը տասնամեակներ շարունակ եւ մինչեւ այսօր  կը շարունակէ վարակիչ շունչ դառնալ, գաղափարական  հմայք եւ ինքնաճանաչման փարոս մնալ գալիք սերունդներուն:

Բանախօսը նշեց, որ արշաւանքը պսակադրումը եղաւ հետագայ բոլոր ազատագրական գործողութիւններուն: Ան պարտաւորութիւն տուաւ հին սերունդի ներկայացուցիչներուն, որ արհեստագիտութեան այս դարուն նորահաս սերունդին անդադար յիշեցնեն մեր պատմութեան դասերը: «Պէտք է անմահ հերոսներով քաջալերենք, հայկականութիւնը ապրինք, անցեալի արժանիքները վեր հանենք, որ աւելի համարձակ դառնայ նոր սերունդը եւ դիմագրաւէ դժուարութիւնները», ըսաւ ան եւ նկատել տուաւ, որ ներկայիս շրջապատուած ենք այլազգիներով, որոնք կը խանգարեն մեր առօրեան, բայց ասոր փոխարէն մենք կրնանք մեր  հայկական գաղութը շէնացնել եւ Խանասորը կտակել` իբրեւ ուղեցոյց  գալիք սերունդներուն: Պիլալեան եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ պէտք է հաւատարիմ մնանք Նիկոլ Դումաններու  եւ մեր նախնիներու կտակին: «Փա՜ռք Դաշնակցութեան, որ ծնունդ տուած է գաղափարի յեղափոխականներ», ըսաւ Պիլալեան:

«Մշակ Բանուոր» քայլերգով  ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )