ՄԱԿ. «Աշխարհի Վրայ Կ՛ապրին Աւելի Քան 2.2 Միլիառ Աղքատ Կամ Աղքատութեան Շեմին Գտնուող Մարդիկ»

25-07poverty«Արապիյա» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ներկայացուցած է նոր զեկուցում մը, ըստ որուն, ներկայիս աշխարհի վրայ կ՛ապրին աւելի քան 2.2 միլիառ աղքատ եւ աղքատութեան շեմին գտնուող մարդիկ:

Զեկուցումը կ՛ահազանգէ, որ համաշխարհային ելեւմտատնտեսական ճգնաժամը, յաճախակի դարձած բնական աղէտները, արիւնալի տագնապներն ու պարենի աճող գիները կը սպառնան աւելցնել կարիքաւորներուն թիւը:

Ըստ զեկուցումին, աշխարհի 91 զարգացող երկիրներուն մէջ այժմ կ՛ապրին 1.5 միլիառ աղքատներ, իսկ 800 միլիոն ուրիշներ կը գտնուին աղքատութեան շեմին:

Կը նշուի, որ աշխարհի վրայ 1.2 միլիառ մարդ իր գոյութիւնը կը պահպանէ օրական 1.25 տոլարէն պակաս գումարով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )