Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի Արսալի անցարգելը անծանօթ զինեալներու կողմէ կրակոցի ենթարկուեցաւ: Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան Ռաշայա Ուատիի Պէյթ Լահիա շրջանէն հրթիռարձակում կատարուեցաւ դէպի բռնագրաւուած Պաղեստին: Իսրայէլեան «Ափաչի» տիպի ուղղաթիռներ թռիչքներ գործեցին Քաֆար Շուպայի վերեւ, իսկ իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին Հասպայայի Խրայպէ շրջանի բացատները:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազներէն Ֆատի Սուան երեք բերման գիրեր արձակեց պաղեստինցիներու դէմ` զանոնք Ժապհաթ Նուսրայի անդամակցութեամբ ամբաստանելով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի դեսպաններ Ալի Աուատ Ասիրին եւ Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Պասեմ Շապ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անցեալ երեքշաբթի օր Մեհրապի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի հետ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ Ֆիթրի տօնէն ետք պիտի առաջադրէ նախագահական իր թեկնածութիւնը:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի հարցերու պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն վաւերացնելու պետական պիւտճէի նախագիծը, անկախ պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն կատարուելիք ամսական աշխատավարձի յաւելումներէն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ջանքերը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ երկխօսութիւնը դիւրացնելու նպատակով, սկսած են իրենց արդիւնքները տալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Համաս շարժումի ներկայացուցիչ Ալի Պարաքէ յայտնեց, որ արաբներէն պահանջուած է մարդկային կեցուածք որդեգրել` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը կարողութիւնը ունի տակաւին շարունակելու իր գործունէութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանին աշխատանքը աշխուժացնելու նպատակով երեսփոխանական-քաղաքական շարժումներ սկիզբ պիտի առնեն յառաջիկայ օգոստոսին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ ներկայ հանգրուանը դժուար է` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի պայքարով նոր հանգրուան մը ստեղծուած է Լիբանանի մէջ:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ Մուսուլի քրիստոնեաներուն դէմ գործուած յարձակումները կը հակադրուին իսլամական կրօնին արժէքներուն եւ սկզբունքներուն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք զգուշացուց երկրին մէջ սադրանքներ հրահրելու առումով ահաբեկչութեան հաւանական դերակատարութենէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւնը ոչ մէկ ատեն կանգ առած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ համաձայնութեան յղացքն է, որ ի վերջոյ յաղթած է կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստին ընթացքին:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակիչները յանձնառու են իրենց երկրին ապահովական կայունութեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, հաստատեց, որ խորհրդարանին աշխատանքներուն աշխուժացումը պահանջուած է` շարունակելու համար կառավարութեան աշխատանքը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարես Պուէյզ Տիմանի մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ քրիստոնեաներուն բռնագաղթին պատճառով Արեւելքը իր պատմութենէն պիտի պարպուի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Կազան կը բողոքէր արաբական լռութեան դէմ, իսկ այսօր ան կը բողոքէ արաբ դաւադիրներուն դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ քաղաքական զարգացումներ չարձանագրուելու պարագային Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւնները խզուած պիտի մնան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )