Պըրրի Ընդունեց Հատուցումի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահ Մոհամետ Խէյրը

Հայտարի, Խէյր եւ Պըրրի

Հայտարի, Խէյր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հատուցումի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Խէյրը, որուն ընկերակցեցաւ Հարաւային Լիբանանի խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն սէյիտ Հաշեմ Հայտարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զոյգ խորհուրդներուն վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներու ամսական աշխատավարձին մասին գոյացած համաձայնութիւնը մասնակի է` միայն երեք ամսուան համար, եւ անհրաժեշտ է օրինականացնել այդ հոլովոյթը:

Պըրրի յայտնեց, որ ինք պիտի հսկէ նիւթական այդ գործառնութիւններուն օրինականութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )