Վանի Մէջ Հայատառ Ցուցանակներ Յայտնուած Են
Tert.am կը հաղորդէ, որ «Բազմալեզու կեանք» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, Վանի որոշ շրջաններու մէջ թրքերէն եւ քրտերէն վահանակներէն բացի հայերէն գրութիւններ յայտնուած են:
Արտամետի քաղաքապետարանի աւագանիին որոշումով` շրջանի մուտքը ազդարարող վահանակին վրայ պիտի գրուի թրքերէնով, քրտերէնով, հայերէնով եւ անգլերէնով:
Քաղաքապետ Սեւիլ Ռոյպին Չեթինի համաձայն, իրենց նպատակը հայերուն նկատմամբ թշնամանքի կարծրատիպը կոտրելն է:
«Քիւրտ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին միասին ապրած է Անատոլուի փոքրամասնութիւններէն հայերուն հետ, եւ պատմական, մշակութային, հաւաքական համախմբուածութիւն ունեցած ենք: 1915-ին հայերու տեղահանութենէն առաջ Արտամետի մէջ բազմաթիւ հայեր ապրած են: Վանի մէջ հայերն ու քիւրտերը դարեր շարունակ եղբայրներու պէս ապրած են: Այդ պատճառով ալ պիտի չարտօնենք, որ հայերուն մշակոյթն ու պատմութիւնը ոչնչացուի», ըսած է ան: