Խօսելով Քարվաճառի Դէպքին Մասին` «Որեւէ Անցանկալի Դէպք Կամ Ողբերգական Կորուստ Ցաւալի Է» Կ՛ըսէ Մոռնինկսթար

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար` մեկնաբանելով Քարվաճառի մէջ գերեվարուած ազրպէյճանցիներուն դէպքը, յայտարարած է, որ սահմանագիծին վրայ որեւէ անցանկալի դէպք կամ ողբերգական կորուստ շատ ցաւալի է:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոռնինկսթար այս յայտարարութիւնը կատարած է Ազրպէյճանի մէջ իր պաշտօնավարման աւարտին նուիրուած արարողութեան ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած էր, որ Քարվաճառի ուղղութեամբ ազրպէյճանական խափանարարական հետախուզական խմբակին կողմէ սահմանի խախտման ընթացքին անդամներուն մէկ մասը ձերբակալուած է, իսկ անոնցմէ մէկը, որ դիմադրութիւն ցոյց տուած էր, սպաննուած է:

«Գիտեմ, որ իրադարձութիւնները սահմանագիծին վրայ խիստ կ՛անհանգստացնեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, եւ այդ պարագային  անգամ մը եւս կ՛ընդգծուի այդ սարսափելի տագնապի արագ լուծման անհրաժեշտութիւնը», նշած է դեսպանը:

Ըստ Մոռնինկսթարի, անհրաժեշտ է ջանք թափել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  վերջնական լուծման համար:

«Խաղաղութիւնը շրջանի բնակիչներուն մեծ օգուտներ պիտի բերէ եւ ապագային պիտի ապահովէ Ազրպէյճանի բարեկեցութիւնը», ըսած է ան:

Դեսպանը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ջանքեր թափել տագնապին լուծման համար:

Մոռնինկսթար անդրադարձած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն` նշելով, որ թէեւ իրենք որոշ հարցերու շուրջ տարբեր մօտեցումներ ունին, սակայն իւրաքանչիւր գործընկերոջ հետ կայուն երկխօսութիւնը չափազանց կարեւոր է:

«Մենք կրնանք տարակարծութիւններ ունենալ, սակայն պէտք է շարունակենք երկխօսութիւնը», ըսած է ան:

Դեսպանը նաեւ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր անկայունութիւն կամ անկարգութիւններ ստեղծել Ազրպէյճանի մէջ:

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Մոռնինկսթար յայտարարած է. «Անհրաժեշտ է նոր փորձեր ղարաբաղեան տագնապը միանգամընդմիշտ լուծելու համար»:

Ըստ անոր, սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները խիստ կերպով կ՛անհանգստացնեն նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, ինչ որ «անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ կարճ ժամկէտերու մէջ այդ սարսափելի տագնապին լուծման կարեւորութիւնը»:

Դեսպանը ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման  իր աշխատանքը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )