«Չեմ Կրնար Ըսել, Թէ Արդեօք Պիտի Մասնակցի՞նք Պաքու – 2015-ին, Թէ՞ Ոչ» Կ՛ըսէ Նազիկ Ամիրեան

25-07NazigՀայաստանի նետաձգութեան ֆետերասիոնի նախագահ Նազիկ Ամիրեան լրագրողներուն հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց կարգ մը յայտարարութիւններ` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի նետաձգութեան 21-րդ ախոյեանութեան վերաբերեալ:

«Ախոյեանութեան ընթացքէն բաւական գոհ ենք, որովհետեւ ժխտական ոչ մէկ յայտարարութիւն լսեցինք», ըսաւ ան իր խօսքին մէջ:

Ապա ան շարունակելով ըսաւ. «Կը յուսայինք, որ մեր տղաքը աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգէին: Թէեւ 2015-ին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան տոմս ապահովեցինք, սակայն մեր մարզիկներուն ընդհանուր արդիւնքներէն երբեք գոհ չեմ, որովհետեւ անոնք չարդարացուցին մեր վրայ դրուած յոյսերը»:

«Իսկ ինչ կը վերաբերի Գոհար Շահնազարեանի` Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք 2015-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանի անունով մասնակցութեան, ատիկա միայն ֆետերասիոնը պիտի չորոշէ, այլեւ ընդհանուր որոշումը պէտք է տրուի ողիմպիական կոմիտէին հետ միատեղ: Այժմէն չեմ կրնար ըսել, թէ արդեօք պիտի մասնակցի՞նք Պաքու – 2015-ին, թէ՞ ոչ», եզրափակեց Նազիկ Ամիրեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վահան Վանական 9 years

    Բարբարոս Թուրք-Ազերի՞ն,
    Դարերու Երդուեալ Թշնամի ենք.
    Նոյնիսկ միջազգային բարեկամական հանդիպումներուն՝ ինշպէս Պուտաբեստի NATO-ի Սէմինարին պատահեցաւ, ասոնք՝ զինուած, դաշոյնով կուգան եւ ոճիռ կը գործեն.

    Վիքթօր Հիւկօն ըսած է՝
    Թուրքին կոխած տեղը խոտ չի բուսնիր,
    Այսինքն, Թուրքը անցած տեղը աւերակի կը վերածէ, կը գանդէ, կ’սպաննէ.
    Բարբարոս Թուրք-Ազերիին չի վստահուիր.
    Յստակ, Մեր երիտասարդները պէտք չէ Պաքու երթան.

    Վահան Վանական

  • Disqus ( )