Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 63 – 52

Երէկուան մրցումէն
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի դէմ:
ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 63 – 52 արդիւնքով յաղթելով Պուրճ Համուտի (կիսախաղ` 29 – 28, ի նպաստ Պէյրութի), որ կրեց իր առաջին պարտութիւնը` իր արձանագրած երկու յաղթանակներէն ետք:
CATEGORIES Մարզական