Չեչեն Վարձկաններ Մօտեցած Են Ուքրանիոյ Սահմանին
Ուքրանական «Եունիըն»` վկայակոչելով Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիան կը շարունակէ համալրել իր ուժերը Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ:
Այժմ Չեչենիայէն Տոնի Ռոսթով ժամանած են երկու գումարտակ վարձկաններ:
Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն նաեւ յայտնած են, որ Ռուսիոյ կողմէ կը հաւաքուին նաեւ սպառազինութիւն եւ զինուորներ, որոնք կարգի կը բերեն իրենց տեղակայման վայրերը: Շաբաթ գիշերուան դրութեամբ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ սահմանի խզման դէպքերուն մասին տեղեկութիւններ չկան: Սակայն կառոյցէն կը յայտնեն, որ Ռուսիան պատրաստ է հրետանիով սատարելու անջատողականներուն:
Միեւնոյն ժամանակ Ուքրանիոյ կանոնաւոր բանակը գործողութիւն կը կատարէ Կորլովքայի շրջանին մէջ: Առայժմ անոնք յաջողած են շուրջ քսան ռուսամէտ զինեալներ սպաննել: