Պըրրի Ընդունեց Սէյիտ Հիւսէյնն Ու Ապու Սաապը

Ապու Սաապ եւ Պըրրի

Ապու Սաապ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Սէյիտ Հիւսէյն յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանի տարբեր բաժանմունքներու նախագահներուն նշանակումը համալսարանի վերակազմաւորման նախաքայլն է:

Ան աւելցուց, որ նշանակումները պիտի աւարտին սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, եւ իւրաքանչիւր համալսարան պիտի ունենայ իր խորհուրդը, որ իրաւասու է համալսարանի նախագահին հետ խորհրդակցելու` այդ բաժանմունքին վերաբերող յատուկ որոշումներ տալու նպատակով:

Սէյիտ Հիւսէյն շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիի` մէջբերելով անոր այն արտայայտութիւնը, թէ Լիբանանեան համալսարանը Լիբանանի հանրապետութեան երկրորդ բանակն է:

Այն Թինէի մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ: Քննարկուեցան պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող հարցեր:

Ֆիթրի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն, ինչպէս նաեւ նախարարներէ, երեսփոխաններէ եւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )