Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի Այրունիէ գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալուած է կին մը, որ ականուած գօտի կապած էր: Նշենք, որ ձերբակալուած կնոջ ամուսինը իր կարգին ձերբակալուած է ահաբեկչութեան յանցանքով:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազներէն Ֆատի Սուանի որոշումով լիբանանեան, սուրիական եւ պաղեստինեան քաղաքացիութիւններ կրող անձնաւորութիւններ ամբաստանուեցան ՏԱՀԵՇ-ին եւ Ժապհաթ Նուսրային անդամակցելու յանցանքով:

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ թեկնածու երեսփոխան Հանրի Հըլու շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախագահական ընտրութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի` աւելցնելով, որ ան կը մերժէ այս կամ այն կողմին զինումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան քրիստոնեայ նախագահին հաշուոյն խուսանաւումներ պիտի չկատարուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ պաղեստինեան դատը վերաբացուած է` պաղեստինցի ժողովուրդին կամքին իբրեւ արդիւնք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը իր լուծումը պիտի գտնէ, իսկ նախագահական ընտրութիւնը մօտալուտ է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը  ազգային է եւ հերոսական:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պէտք է համոզուի, որ քաղաքական բոլոր ուժերը չեն փափաքիր զինք հանրապետութեան նախագահ տեսնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ Լիբանան դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի` ընդգծելով, որ այդ վիճակը կարելի կ՛ըլլայ սրբագրել, եթէ քաղաքական բոլոր ուժերը իրենց կեցուածքները վերատեսութեան ենթարկեն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան մակարդակին վրայ իրենք կարիքը ունին նոր տուեալներու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները մօտիկ ապագային լուծման պիտի յանգին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելէ առաջ պէտք է ուղղուին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ` աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը վաւերացնելու նպատակով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ լուրջ բանակցութիւններ կը կատարուին նախագահական ընտրութեան առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնն է, որ ՏԱՀԵՇ-էն կը պաշտպանէ Լիբանանը, քրիստոնեաներն ու փոքրամասնութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )